Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկիրը Պաշտպանելու Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը Պէտք է Տարածուի Բոլորին Վրայ. Վիգէն Սարգսեան

Երկիրը Պաշտպանելու Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը Պէտք է Տարածուի Բոլորին Վրայ. Վիգէն Սարգսեան

by MassisPost

«Այս օրէնսդրութիւնը յստակ ասում է, որ երկիրը պաշտպանելու սահմանադրական պարտաւորութիւնը պէտք է տարածուի բոլորի վրայ»,- այսօր «Զինապարտութեան եւ զինուորական ծառայութեան մասին» օրէնսդրական նոր կարգաւորումներուն մասին խորհրդարանական լսումներու ժամանակ յայտնած է Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Ան ներկայացուցած է օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք կը նախատեսեն տարկէտումը փոխարինել արտօնութիւններով: Պատասխանելով իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեանի հարցին, նախարարը նշած է, որ ակադեմիական տարկէտումը շատերու համար այսօր կը դառնայ դուռ, բանակի շարքերուն չծառայելու համար:

«Տեսէք, շատ երկար քննարկուում էր հասարակութիւնում՝ արդեօք Պաշտպանութեան նախարարը ծառայե՞լ է, թէ ոչ: Պաշտպանութեան նախարարը ծառայել է այն տեսքով, որը հիմա առաջարկում է իր բոլոր համաքաղաքացիներին, այսինքն՝ ուսման ընթացքում նախապատրաստում զինուորական սպայական ծառայութեան, ուսման աւարտից յետոյ սպայական ծառայութիւն եւ այդ ձեւով երկրին օգտակար լինելու կարողութիւն»,- ըսած է Վիգէն Սարգսեան:

Հարցին, թէ այն չի՞ խթաներ արտագաղթը, Վիգէն Սարգսեան պատասխանած է.

«Մեր երկրի իրողութիւնը, մեր ազգ-բանակ լինելու մարտավարութիւնը բացարձակ չեմ կապում Ղարաբաղեան հիմնախնդրի հետ: Մեր երկրի աշխարհագրութիւնը մեզ պէտք է սովորեցրած լինի, որ անկախ նրանից, այսօր մենք ինչ մարտահրաւէր ունենք, պէտք է ունենանք միասնութեան այն մակարդակը, որը մեզ թոյլ է տալիս ամենադժուար պահերին համախմբուել ու լուծել մեր խնդիրները»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment