Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Transparency International» Կոչ Ուղղած է Միջոցներ Ձեռնարկելու` Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառքներու Եւ Դրամի Լուացման Դէմ

«Transparency International» Կոչ Ուղղած է Միջոցներ Ձեռնարկելու` Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառքներու Եւ Դրամի Լուացման Դէմ

by MassisPost

«Transparency International» (Միջազգային Թափանցիկութիւն)  կազմակերպութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին կոչ ուղղած է կաշառակերութեան դէմ պայքարի կոշտ միջոցներ ձեռնարկել վերջին կաշառակերութեան խայտառակութենէն եւ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահի հրաժարականէն ետք այդ կառոյցին նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու համար: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս», կազմակերպութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր ողջունած է այն հանգամանքը, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ այս շաբաթ քուէարկութեան պիտի դրուի կաշառակերութեան դէմ պայքարի կանոններն  ընդունելու հարցը, սակայն կոչ ուղղած է արագ անդրադարձ կատարելու առկայ մեղադրանքներուն:

«Եւրոպայի խորհուրդը ժողովրդավարութեան պահպանման եւ ամրապնդման մանդատ  ունի: 4 Սեպտեմբերին Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի ու անոր գործընկերներու բացայայտումները ցոյց տուին, որ ԵԽԽՎ ներկայ եւ նախկին պատգամաւորներ գումարներ ստացած են վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ յիշեցնելով, որ 6 Հոկտեմբերին հրաժարական ներկայացուցած է ԵԽԽՎ արդէն նախկին նախագահ Փետրօ Ակրամունթ, մինչ զինք քուէարկութեամբ հեռացնելը վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի մեկնարկին:

«Transparency International»  կազմակերպութեան տնօրէն Փաթրիսիա Մորէյրա ընդգծած է, որ ԵԽԽՎ նախագահը պէտք է արագ քայլեր ձեռնարկէ իրաւախախտումներուն դէմ, շեշտելով, որ անցեալին այն ձգձգուեցաւ, երբ 2012 թուականին առաջին անգամ խօսուեցաւ անոր մասին: «ԵԽԽՎ ներկայ եւ նախկին պատգամաւորներուն Ատրպէյճանէն կասկածելի նիւթական օգուտներ ստանալու մասին բացայայտումները պէտք է հետաքննութեան ենթարկուին անոնց ազգային իշխանութիւններուն կողմէ: Այդ բացայայտումներուն մէջ պատգամաւորներ ներգրաւուած են Պելճիքայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Սլովենիայէն, իսկ դրամի լուացման վերաբերեալ բացայայտումներուն մէջ ներգրաւուած են Պուլկարիա, Չեխիա, Դանիա, Էսթոնիա, Ֆրանսա, Հունգարիա, Ռուսիա, Զուիցերիա եւ Միացեալ Թագաւորութիւնը»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment