Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին օրերուն առաջացած լարուածութեան առընթեր, 10 Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մօտ իր դիւանագիտական առաքելութիւնն աւարտող ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պասի հրաժեշտի արարողութիւնը:
«Էրմենիհապէր»ի փոխանցմամբ, դեսպանի հրաժեշտի ընդունելութեան չեն մասնակցած ո՛չ թրքական իշխանութիւններու, ո՛չ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:
Արարողութիւնը լուսաբանուած է սակաւաթիւ լրագրողներու կողմէ, քանի որ հրաւիրուած լրագրողներու մեծ մասը նոյնպէս չէ ներկայացած արարողութեան:
Աղբիւրը յիշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ պիտի պոյքոթէ ԱՄՆ-ի դեսպանի հրաժեշտի հանդիպումն իր հետ:
«ԱՄՆ-ի դեսպան կը ցանկայ հրաժեշտի այցով հետս հանդիպիլ: Մենք չենք ընդունիր այդ դեսպանին հրաժեշտի այցը: Մենք զինք չենք համարեր Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչը»,- յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը: