Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԽԽՎ Նոր Նախագահ Ընտրուած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սթելլա Քիրիաքիտէս

ԵԽԽՎ Նոր Նախագահ Ընտրուած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սթելլա Քիրիաքիտէս

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նոր նախագահ ընտրուած է Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սթելլա Քիրիաքիտէս: Անոր օգտին քուէարկած է 132, իսկ միւս թեկնածուի` Լիթուանիոյ ներկայացուցիչ Էմանուէլիս Զինկերիսի օգտին` 84 պատգամաւոր:

ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութիւնը վեհաժողովի նախագահի պաշտօնին համար պաշտպանած է Կիպրոսի ներկայացուցիչին թեկնածութիւնը: Մինչեւ այս ընտրութիւնները, ԵԽԽՎ նախագահի ընտրութեան երկու հանգրուան կայացած էր: Առաջին երկու հանգրուաններուն թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր յաջողած ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւն ստանալ, հակառակ անոր, որ Կիպրոսի ներկայացուցիչը երկու պարագային ալ աւելի շատ ձայներ ստացած է: Երրորդ հանգրուանն իրականացած է ձայներու յստակ մեծամասնութեան սկզբունքով, որուն արդիւնքով յաղթող ճանչցուած է Սթելլա Քիրիաքիտէս:  Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանի մեկնարկը:

ԵԽԽՎ-ի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է, որ ԵԽԽՎ նախագահ ընտրուեցաւ Սթելլա Քիրիաքիտէս, հակառակ բոլոր այն աննախադէպ ճնշումներուն, որ ԵԺԿ խումբի ղեկավարութեան ու բաւական թիւով անդամներու կողմէ կային անոր նկատմամբ:

«Ինչպէս եւրոպացի գործընկերներիցս մէկը ճշգրիտ նկատեց՝ «այս ընտրութեամբ Վեհաժողովը ինքն իրեն վերադարձրեց յոյսը»: Նկատի ունէր, որ Վեհաժողովը չափազանց դժուարին պայմաններում, ի հակառակ մի շարք լոպպիստական ուղղութիւնների, կարողացաւ միաւորուել իրականում անաչառ թեկնածուի շուրջ: 132 քուէ Սթելլա Քիրիաքիտիս 84 քուէ Էմանուէլիս Զինկերիս»,-  գրած է Յովհաննիսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment