Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵԽԽՎ Հաստատած է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Քննադատող Բանաձեւերը

ԵԽԽՎ Հաստատած է Ատրպէյճանի Իշխանութիւնները Քննադատող Բանաձեւերը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 11-ին Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) անդամները քուէներու ճնշող մեծամասնութեամբ հաստատած են Ատրպէյճանի մէջ տիրող ներքաղաքական կացութեան վերաբերող երկու բանաձեւերու նախագիծերը:

Աւստրիացի Սթեֆըն Շենախի եւ Ռումանացի Սեզար Ֆլորին Փրետայի «Ժողովրդավարական կառոյցներու գործունէութիւնն Ատրպէյճանի մէջ» անուանումը կրող 15 կէտերէ բաղկացած բանաձեւը հաստատուած է քուէներու 117 կողմ եւ 18 դէմ յարաբերակցութեամբ: Պելճիքացի պատգամաւոր Ալան Տեսթեքսի հեղինակած «Ատրպէյճանի նախագահութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին մէջ: Որո՞նք պիտի ըլլան յաջորդ քայլերը» վերնագրուած բանաձեւի օգտին քուէարկած են Վեհաժողովի լիագումար նիստի 152 մասնակիցներէն 114-ը: Երկրորդ բանաձեւի գլխաւոր առանձնայատկութիւնը դրամի լուացման, այսպէս կոչուած «Ատրպէյճանական լուացքատան» շուրջ ծագած խայտառակութեան մասին յիշատակումն ու անոր անյապաղ հետաքննութեան մասին կոչերն էին:

Նախագիծերու քննարկման ընթացքին եւրոպացի պատգամաւորները բաւական կոշտ արտայայտութիւններ հնչեցուցած էին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հասցէին, յիշատակելով թէ՛ պաշտօնական Պաքուի շուրջ ծագած կաշառակերութեան խայտառակութիւնը, թէ՛ քաղբանտարկեալներու առկայութիւնը:

«Այսօր մենք երկու բանաձեւ ունինք Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու գործունէութեան, իսկ աւելի ճիշդ, անոնց անգործութեան մասին: Ատրպէյճան վերջին տեղը կը գրաւէ մամուլի ազատութեան եւ կաշառակերութեան ընկալման ցուցիչներուն մէջ, այդ երկրին մէջ քաղբանտարկեալներ կան: Ես հարց կ’ուղղեմ իմ ատրպէյճանցի գործընկերներուս. ե՞րբ ազատ պիտի արձակուի Իլկար Մամետով: Բացի անկէ, տեղեկութիւններ կան աւելի քան 2.5 միլիառ տոլարի մասին, գումար, որ նախատեսուած էր քաղաքական գործիչները կաշառելու համար, այսպէս կոչուած «Լուացքատան գործ»ը: Արդեօք մեր ատրպէյճանցի գործընկերները պիտի համագործակցի՞ն մեր հետ, եթէ մենք որոշենք հետաքննութիւն սկսիլ, թէ անոնք պիտի շարունակեն մեղադրել ողջ Եւրոպան», – հռետորական հարցերու շարան հնչեցուցած է հոլանտացի պատգամաւոր Փիթըր Օմթցիկթ:

Այս ելոյթը հունէ հանած է Վեհաժողովի ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամէտ Սէիտովը: «Պարո՛ն Օմթցիկթ: Հերի՛ք է ժողովրդավարութեան անկողմնակալ աջակիցի դեր խաղաք: Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ովքեր կանգնած են ձեր թիկունքին: Մենք գիտենք ձեր հայաստանցի աջակիցներուն մասին», – յայտարարած է Սէիտով:

Ատրպէյճանցի պատգամաւորին համոզմամբ, Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Պաքուի դէմ քննադատութեան հերթական ալիքի նախաձեռնողը ոչ միայն հայերն են, այլեւ անձամբ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլանտ:

«Ինչո՞ւ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը, որ պէտք է ամէն կերպով աջակցի պետութիւններու միջեւ երկխօսութեան ծաւալման, մէկ կողմէ իրեն համար շատ ընդունելի շփումներու մէջ կը մտնէ Ռուսիոյ հետ, բայց միւս կողմէ շատ կոշտ դիրքորոշում կ’որդեգրէ Ատրպէյճանի նկատմամբ», – իր զայրոյթը յայտնած է Սէիտով:

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ ուքրանուհի Օլենա Սոթնիք, սակայն, դաւադրապաշտութեան գիրկը չիյնալու կոչ ուղղած է իր ատրպէյճանցի գործընկերոջ:

«Պարոն Օմթցիկթ ուղիղ հարցադրումով հանդէս եկաւ, որ կը վերաբերէր կաշառակերութեան մեղադրանքներուն: Այդ հարցին մեղադրանքներով հակադարձելը, կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ եւ դուրս է բարոյագիտական սահմաններէ: Թոյլ տուէք պատասխանել իմ ղեկավարած կոմիտէիս անունով: Ես տեղեակ եմ, թէ ով կայ մեր թիկունքին, նախ եւ առաջ Մարդու իրաւունքներու համաձայնութիւնն ու մարդու իրաւունքները որպէս արժէք, օրէնքի գերակայութիւնն ու յարգանքը մարդու հիմնարար ազատութիւններուն հանդէպ», – յայտարարած է Սոթնիք:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած քննարկման ընթացքին ատրպէյճանական պատուիրակութեան առաջարկած մօտ մէկ տասնեակ լրացումները, որոնց գլխաւոր նպատակն էր մեղմացնել երկու բանաձեւերուն մէջ առկայ կոշտ ձեւակերպումներուն գոնէ մէկ մասը, մերժուած են: Անոր փոխարէն, եւրոպացի պատուիրակներու առաջարկած եւ խիստ քննադատութիւն պարունակող շարք մը լրացումները հաստատուած են քուէներու մեծամասնութեամբ: Այս բոլորը ստիպած են ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամէտ Սէիեովին հանդէս գալ յատուկ յայտարարութեամբ:

«Այս բոլորն իրօք շատ տարօրինակ են: Ես շատ լաւ կը հասկնամ, որ մեր գործընկերներէն ոմանք կը փորձեն իրավիճակը չափազանցուած ներկայացնել: Բայց այն կ’արժեզրկէ այն փաստաթուղթը, որ դուք կը պատրաստուիք ներկայացնել ատրպէյճանական իշխանութիւններուն: Դուք կրնաք գրել նոյնիսկ, որ մենք, օրինակ, Եւրոպայի խորհուրդի եւ ԵԽԽՎ անդամ չենք, եւ այն պարզապէս անհեթեթութիւն է», – նշած է Սէիտով:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment