Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Քոնվերս Պանք»ի Մասնաճիւղէն Շուրջ 200 Հազար Տոլարի Համարժէք Գումար Յափշտակուած է

«Քոնվերս Պանք»ի Մասնաճիւղէն Շուրջ 200 Հազար Տոլարի Համարժէք Գումար Յափշտակուած է

by MassisPost

Դրամատունը պայթեցնելու սպառնալիքով Երկուշաբթի կէսօրուան մօտ տղամարդ մը Երեւանի Սայեաթ Նովա փողոցին վրայ գտնուող «Քոնվերս պանք»ի մասնաճիւղէն կատարած է առանձնապէս խոշոր չափի յափշտակութիւն: Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ նախնական հաշուարկներով դրամատունէն տարբեր արժոյթներով յափշտակուած է շուրջ 200 հազար տոլարին համարժէք գումար:

«Նախնական տուեալներով ժամը 11-ի սահմաններում ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը մասնաճիւղի կառավարչի կեանքի համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելու, այն է՝ մասնաճիւղում պայթիւն իրականացնելու սպառնալիքով պահանջել եւ յափշտակել է խոշոր չափերի գումար: Նախնական հաշուարկներով՝ յափշտակուած գումարը եղել է տարբեր արժոյթներով եւ կազմում է մօտ 95 միլիոն 750 հազար դրամ: Նա (յանցագործը) պահանջել է այդ պահին կառավարչի մօտ՝ պահոցում եղած ողջ գումարը»,- յայտնած է Քննչական կոմիտէի խորհրդական Սոնա Տռուզեան:

Վերջինս տեղեկացուցած է, որ դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւն կատարելու յօդուածով, այժմ կ’իրականացուին աշխոյժ որոնողական աշխատանքներ, աւազակային յարձակումը կատարած տղամարդը, ինչպէս նաեւ անոր հնարաւոր յանցակիցները յայտնաբերելու ուղղութեամբ: «Ստեղծուել է քննչական խումբ, եւ քրէական գործի շրջանակներում ձեռնարկուում են ինչպէս քննչական, այնպէս էլ օփերաթիւ-որոնողական միջոցառումներ՝ յանցագործութիւնը բացայայտելու ուղղութեամբ:

Օփերաթիւ հետախուզական մարմինները շարունակում են իրականացնել աքթիւ որոնողական միջոցառումներ՝ այդ անձին յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Ասեմ, որ տղամարդը չի եղել դիմակով, եւ նրան յայտնաբերելու ուղղութեամբ կատարուում են անհրաժեշտ գործողութիւններ: Այլ մանրամասներ, քննութեան շահերից ելնելով, այս պահին չեմ կարող հրապարակել»,- յայտնած է Տռուզեան:

Յանցագործութենէն ետք դրամատան մասնաճիւղը փակուած է, այնտեղ աշխատանքներ կ’իրականացնէին իրաւապահները: Աշխատակիցներուն հետ հնարաւոր չէ եղած զրուցել, մօտակայքը աշխատող քաղաքացիները նոյնպէս հրաժարած են որեւէ բան յայտնել լրագրողներուն:

«Քոնվերս պանք»ի մասնաճիւղերէն մէկուն վրայ աւազակային յարձակում կատարուած էր նաեւ շուրջ 7 տարի առաջ: Սակայն այդ ժամանակ դրամատան «Նոր Նորք» մասնաճիւղին մէջ ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանը զէնքի գործադրմամբ կանխած էր գումարի յափշտակումը, կրակոցներով վիրաւորելով յարձակում գործած անձը, որ նոյնպէս ոստիկանութեան աշխատակից էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment