Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լեհաստանէն Կրած Պարտութենէն Ետք ալ ՀՖՖ Նախագահը Հրաժարական Չէ Ներկայացուցած

Լեհաստանէն Կրած Պարտութենէն Ետք ալ ՀՖՖ Նախագահը Հրաժարական Չէ Ներկայացուցած

by MassisPost

HayrapetyanԵրէկ Լեհաստանի հաւաքականէն կրած խոշոր պարտութենէն ետք ալ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան հրաժարական չէ ներկայացուցած։

Այսօր «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ ան պոռալով ըսած է, որ հեռախօսով հարցերու չի պատասխաներ։ ֆետերասիոնի լրատուական ծառայութենէն ալ փոխանցած են, որ երէկուայ խաղը, ինչպէս միւս խաղերը, չեն մեկնաբաներ, իսկ եթէ ֆետերասիոնի նախագահը հրաժարական ներկայացնէ, իրենք կայքէջին կը գրեն այդ մասին։

2015 թուականի Նոյեմբերի 30-ին «Red Eagles» համակիրներու ակումբի անդամներու հետ հանդիպման ժամանակ Հայրապետեան յայտարարած էր, որ եթէ հաւաքականը 2018 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլը չյաղթահարէ, ինք հրաժարական պիտի տայ։ Վաստակած միաւորներով Հայաստանի հաւաքականը չունի աշխարհի առաջնութեան խմբային փուլ անցնելու որեւէ հնարաւորութիւն:

«Red Eagles» համակիրներու ակումբի ղեկավար Դենիս Սարգսեան այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ իրենց կարծիքով հաւաքականը ձախողած է մրցաշրջանը եւ երկու տարի առաջ տուած խոստումը յիշել տուած է Հայրապետեանին: – «Քոնքրէթ ասաց՝ նմանատիպ բան չի եղել, որ ես այսքան ժամանակ խօսք տամ ու չկատարեմ, ինձ ստախօ՞ս էք համարում», – ՀՖՖ նախագահի խօսքերը մէջբերած է Սարգսեան:

Ռուբէն Հայրապետեան իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի անդամ է։ Երէկ ֆութպոլային հանդիպման ժամանակ կուսակցութիւնը գործադիր մարմնի նիստ հրաւիրած է։ Անկէ ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ կուսակցութեան խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով յայտարարած է, որ Հայրապետեան մեծ գործ կատարած է ֆութպոլի համար։ – «Հայրապետեանը հնարաւորինս անում է ամէն ինչ հայկական պատանեկան ֆութպոլը զարգացնելու համար», – պնդած է ՀՀԿ խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment