Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան Պիտի Ներկայացնէ Նոր Գիրքը Նուիրուած նահատակներ Կառլէն Անանեանի եւ Արամ Վարդանեանի

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան Պիտի Ներկայացնէ Նոր Գիրքը Նուիրուած նահատակներ Կառլէն Անանեանի եւ Արամ Վարդանեանի

by MassisPost

Հեղինակ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը պիտի ներկայացնէ նոր հրատարակուած «Նուիրեալները՝ Կառլէն Անանեանի Անցած Ճամբով» գիրքը  Ուրբաթ , 13 Հոկտեմբեր, 2017ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ապրիլ Գրատան մէջ՝   415 E. Broadway, Glendale, CA.  Խօսք պիտի առրնէ նաեւ Մարգար Մելքոնեանը անգլերէնով:  Մուտքը ազատ է: Ներկաները պիտի հիւրասիրուին: Տեղ ապահովելու համար, դիմել՝ http://www.itsmyseat.com/AbrilBooks

Կառլէն Անանեանը միայն քսան տարեկան էր, երբ զոհուեցաւ, իսկ Արամ Վարդանեանը հազիւ քսանմէկ տարեկան։ Իրենց հասուն տարիքի այդ քանի մը տարիներուն այս երկու երիտասարդները, որոնք տարբեր երկիրներէ ու պայմաններէ կու գային, կը բաժնէին իրենց սերունդի ամէնապայծառ ու ամէնանուիրուած սփիւռքահայերու հաւատամքը։ Ամէնալաւ ձեւը մեր հայրենակիցները համոզելու, որ այս տղաքը արժանի են պատուի, պարզապէս անոնց պատմութիւնը ներկայացնելն է։ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը կը նկարագրէ անոնց կարճ կեանքի երկար ուղին։ Հիմա հայրենի նոր սերունդին կը մնայ պահպանել անոնց յիշատակը, Հայաստանը արժանի դարձնելու իր ամէնանուիրուած նահատակներուն։

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Գիտական աստիճանը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն: 2007 թուականին Տոքթ. Մարգար Մելքոնեանի հետ հեղինակած է «Աւօ. Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքը եւ մահը» գիրքը: Հրատարակած է յօդուածներ սփիւռքի եւ Հայաստանի շարք մը  պարբերականներու մէջ:

Ինչո՞ւ սպանեցիր, հարցի պատասխանը կայ գրքում, բայց այն այլևս հարց չի, զայրոյթ է, որը հանգիստ չի տալիս ընթերցողին, երբ կարդում է յուշերի պատառիկներով հաւաքուած այս ողբերգական վաւերագրական պատումը:  –Վահան Իշխանեան

Եղերական  դէպքերու զուգահեռ կը շողայ իտէալիզմը սերունդի մը, որուն մաս կը կազմէինք մենք։ Անձնական նամակներու մէջբերումով հեղինակը կը շեշտէ իրադարձութիւններու հակասութիւնը։ Մարդատեացութեան ու մարդասիրութեան կերպարներով լեցուն այս պատումը ինչքան ընդվզում կը յառաջացնէ, այնքան ալ կ՚ընդգծէ յոյսի առկայութիւնը։ — Հուրիկ Ադդարեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment