Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Ընկերութիւնը Հեռակառավարուող Հրասայլ Ներկայացուցած է

Հայկական Ընկերութիւնը Հեռակառավարուող Հրասայլ Ներկայացուցած է

by MassisPost

«ՏՏ» ոլորտի «Արմքոփթերս» ընկերութեան մասնագէտները ռոպոթ հրասայլ ստեղծած են: Այն ներկայացուած է «Տիճիթէք Էքսփօ-2017» 13-րդ ամենամեայ տեխնոլոգիական ցուցահանդէսին:

«Սա հենց քոնքրէթ ռազմական նշանակութեան օգտագործման համար է: Թանկի արդիականացումը կատարուած է Հայաստանում: Դրանում կարելի է տեղադրել տեսախցիկներ եւ զէնք: Մինչեւ 5քմ թանկը կարելի է հեռակառավարել եւ օգտագործել հետախուզական, պաշտպանական ու յարձակուողական նպատակներով»,- «Lragir.am»ին  ներկայացուցած է «Արմքոփթերս» ընկերութեան ղեկավար Արմէն Սաֆարեան:

Ան նշած է, որ հրասայլի ստեղծման հարցով համագործակցութիւն սկսած են Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, համատեղ փորձարկումներ կը կատարուին:

«Յաջող թեստաւորում ու փորձարկումներ անցնելու դէպքում նրանց կողմից հետաքրքրութիւն կայ, հնարաւոր է նաեւ պատուիրեն»,- ըսած է մասնագէտը: Արմէն Սաֆարեանի խօսքով, նախորդ տարուայ ապրիլեան պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ «ՏՏ» ոլորտը զարգացում կ’ապրի, համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ պատուէրներ կան:

«Շատ ընկերութիւններ արդէն լուրջ ու խորը տրամադրուած աշխատում են տարբեր տեխնոլոգիաների վրայ: Մենք ունենք լաւ արդիւնքներ: Եւ ապրիլեան պատերազմից յետոյ մեր պաշտպանողական համակարգը շատ աւելի ամուր է»,- ըսած է ան: Ոլորտի ընկերութիւնները, ըստ մասնագէտին, Պաշտպանութեան նախարարութեան պատուէրները կատարելու ներուժ ունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment