Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Քոնկրէսականները Ներկայացուցած են Ատրպէյճանի Պաշտօնեաները Պատժամիջոցներու Ենթարկելու Նախագիծ

ԱՄՆ Քոնկրէսականները Ներկայացուցած են Ատրպէյճանի Պաշտօնեաները Պատժամիջոցներու Ենթարկելու Նախագիծ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ քոնկրէսականներ Քրիս Սմիթի եւ Ճիմ ՄըքԿաւըրնի նախաձեռնութեամբ օրէնքի նախագիծ ներկայացուած է, որ կը նախատեսէ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառում: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»՛ յղում կատարելով Ամերիկայի ձայնին, այս մասին նշուած է քոնկրէսական Քրիս Սմիթի պաշտօնական կայքէջին:

«Ատրպէյճանի ռեժիմը կը շարունակէ խոշտանգումները, քաղաքական դրդապատճառներով քրէական մեղադրանքները, հալածանքներն ու մարդոց առեւանգումները արտասահմանի մէջ, ահաբեկման այլ միջոցները, ստիպելով լռել իրաւապաշտպաններուն, լրագրողներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն: Ակնյայտ է, որ մեր երկիրներուն միջեւ կարեւոր տնտեսական կապեր կան, սակայն այդ խախտումները չեն կրնար անտեսուիլ», – նշած է քոնկրէսական Քրիս Սմիթ:

Նախագիծը նախատեսած է, որ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներն առաջնահերթութիւնը պիտի տայ մարդու իրաւունքներու եւ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան: Նշուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները խախտող Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն նկատմամբ օրէնքը նախատեսած է «Մակնիցկիի ցուցակ»ի օրինակով պատժամիջոցներու կիրառում: Նախագիծը նաեւ կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն անյապաղ ազատ արձակել բոլոր քաղբանտարկեալներն ու դադրեցնել հետապնդումները ժողովրդավար կառավարութեան կողմնակիցներուն նկատմամբ:

«Միջազգային Մակնիցկիի Ակտը ճանապարհ հարթած է դէպի նոր ժամանակաշրջան, ուր Միացեալ Նահանգները կրնայ պաշտպանել մարդու իրաւունքները», – ըսած է քոնկրէսականը:

Ան մասնաւորապէս առաջարկած է որպէս պատժամիջոց Միացեալ Նահանգներ մուտքի իրաւունքի արգելումը եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հաշիւներու սառեցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment