Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մամէտեարով Նալպանտեանի Հետ Հանդիպման Ժամանակ «Աջակցութիւն Յայտնած է Միջնորդներու Շարք մը Առաջարկներուն»

Մամէտեարով Նալպանտեանի Հետ Հանդիպման Ժամանակ «Աջակցութիւն Յայտնած է Միջնորդներու Շարք մը Առաջարկներուն»

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ժամանակ, որուն մասնակցած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, աջակցութիւն յայտնած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ միջնորդներու շարք մը առաջարկներուն: Այս մասին ռուսական «Նովոսթի» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ Հաճիեւ, առանց յստակեցնելու, թէ յատկապէս որ առաջարկներն արժանացած են պաշտօնական Պաքուի հաւանութեան:

«Հանդիպման ժամանակ միտքեր փոխանակուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ: Եւ այդ առումով քննարկուած են քայլեր, որոնք պէտք է ձեռնարկուին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ համանախագահներու կողմէ: Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է նաեւ համանախագահներու առաջարկը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպում իրականացնելու հետ կապուած հարցեր», – նշած է Հաճիեւ:

Ատրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան ներկայացուցիչին խօսքով, «Ատրպէյճան աջակցութիւն յայտնած է համանախագահներու հնչեցուցած քանի մը հետաքրքրական առաջարկներուն, հակամարտութեան կարգաւորման կառուցողական բանակցութիւնները շարունակելու համար»:

«Բացի անկէ, նախարար Մամէտեարով հերթական անգամ ընդգծած է, որ Ատրպէյճան միշտ պատրաստ է տրամաբանական բանակցութիւններու, հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման հասնելու համար», – ռուսական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ատրպէյճանական Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:

Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին հնչած նոր առաջարկներուն մասին ո’չ հայկական կողմը կը հաղորդէ, ոչ ալ հանդիպման մասնակցած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները:

Իրենց յայտարարութեան մէջ միջնորդները տեղեկացուցած են, որ տեղի ունեցած «խորհրդակցութիւններու հիմնական նպատակը հակամարտութեան գօտիի վրայ ներկայիս իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային գործընթացն աշխուժացնելու ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը»:

Համանախագահները, որոնք յառաջիկայ Հոկտեմբերին կը պատրաստուին տարածաշրջան այցելել, կ’ակնկալեն, որ Սերժ Սարգսեան – Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը պիտի նպաստէ կողմերու միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք պիտի դրսեւորեն, խնդիրի առանցքային հարցերու փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար, ըսուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները վերջին անգամ մէկ սեղանի շուրջ նստած են անցեալ տարուայ Յունիսին 20-ին Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment