Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան․ 2009-ի Փաստաթուղթը Կարեւոր է, Բայց Հարկաւոր է Նոր, Մաքուր Թուղթէ Սկսիլ

Փայլան․ 2009-ի Փաստաթուղթը Կարեւոր է, Բայց Հարկաւոր է Նոր, Մաքուր Թուղթէ Սկսիլ

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր, Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանի կարծիքով, Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան դուռը կրկին բանալ, սակայն Թուրքիա նոյնպէս պէտք է պատրաստ ըլլայ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն օրերս յայտարարած էր, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստան զանոնք առ ոչինչ պիտի յայտարարէ ։

Փայլանի կարծիքով, արձանագրութիւնները կարեւոր էին, սակայն այժմ ալ կարելի է սկսիլ ճերմակ թուղթէ․ – «Էտուարտ Նալպանտեանին հետ հանդիպեցայ, պարոն վարչապետին հետ հանդիպեցայ, անկէ ետք ալ նախագահին հետ պիտի հանդիպիմ: Գիտեմ, որ անոնք պատրաստ են կրկին բանալ այս դուռը, բայց պէտք է, որ Թուրքիա նոյնպէս պատրաստ ըլլայ: Երբ Թուրքիա վերադառնամ, թուրք նախարարներու հետ պիտի խօսիմ, եւ այս դուռը քիչ մը բանալ պիտի ջանամ: 2009-ի փաստաթուղթը կարեւոր է, բայց հարկաւոր է նոր, մաքուր թուղթէ սկսիլ»:

Երկխօսութիւնը վերսկսելու համար, սակայն, պէտք է ջանք թափել: Ըստ Փայլանի, ժողովրդավարութեան վիճակը Թուրքիոյ մէջ վատթարացած է, ազգայնական տրամադրութիւնները՝ զգալիօրէն աճած: Վիճակը սրած է յատկապէս քրտական հարցի առնչութեամբ: 25 Սեպտեմբերին նախատեսուած է Իրաքի Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն, եւ, ըստ Փայլանի, Թուրքիա հնարաւոր է, որ նոյն կերպով վարուի քիւրտերուն հետ, ինչպէս մէկ դար առաջ հայերուն հետ վարուեցաւ․ – «Այս շատ արիւնոտ կրնայ ըլլալ»:

Մեկնաբանելով ռուս-թրքական որոշակի մերձեցումը, Փայլան այս եւս կապած է քրտական հարցին հետ: Անոր խօսքով, մեծ խաղ կ’ընթանայ, որ արիւնալի իրադարձութիւններու կրնայ վերածուիլ․ – «Կրնամ ըսել, որ Ամերիկա աւելի քիւրտերուն հետ կը քալէ, այդ պատճառով Էրտողան կը ջանայ Ռուսիոյ հետ քալել: Մենք՝ բոլոր հայերս պէտք է այս խաղին տեղեակ ըլլանք: Պէտք է խելամիտ ըլլանք»:

Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորին խօսքով, Ցեղասպանութենէն ետք արդէն քանիերորդ սերունդն է, որ կը սպասէ արդարութեան հաստատման: Եւ քանի որ միայն ժողովրդավար Թուրքիան կրնայ առերեսուիլ իր անցեալին հետ, բանալ հայ-թրքական սահմանը, պէտք է աշխատիլ Թուրքիան աւելի ժողովրդավար դարձնելու ուղղութեամբ: Այն, ըստ անոր, աւելի ու աւելի բարդ կը դառնայ, քանի որ ազգայնական միտումները տարուէ տարի կ’աւելնան, նորանոր դրսեւորումներ կը ստանան, ինչպէս, օրինակ, խորհրդարանի մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը կիրառելու արգելքը:

«Բառը կարեւոր չէ: Եթէ մենք որեւէ ուղի գտնենք Թուրքիոյ մէջ եւ սկսինք խօսիլ, թէ ինչ եղած է 1915-ին, եթէ այն բառը գտնենք, որ միասնաբար՝ թուրքերը, քիւրտերը, հայերս, համարենք, որ կ’արտացոլացնէ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է, այդ պիտի ըլլայ այն բառը, որ պիտի արտասանուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ», – ըսած է Կարօ Փայլան:

Փայլան այս շաբթուան սկիզբը Հայաստան ժամանած է, մասնակցելու Հայաստան-Սփյիւռք համաժողովին եւ Անկախութեան օրուայ տօնակատարութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment