Home ՍՓԻՒՌՔ Քարերով Յարձակում՝ Խաչվերացին Պատարագի Մասնակցած Պոլսահայերուն Վրայ

Քարերով Յարձակում՝ Խաչվերացին Պատարագի Մասնակցած Պոլսահայերուն Վրայ

by MassisPost

Պոլսոյ հայկական Սուրբ Յովհաննէս հայկական եկեղեցւոյ մուտքին մօտ ազգայնականներու խումբը քարերով յարձակած է եկեղեցիէն դուրս եկող հայերուն վրայ, այս մասին կը հաղորդէ թրքական artigercek.com կայքը:

Լրատուամիջոցներուն այս մասին յայտնած է պոլսահայ գործիչ Երուանդ Օզուզուն՝ Թուրքիոյ հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողանի հայրը:

Եկեղեցւոյ մուտքին քարկոծուած պոլսահայերը եկեղեցի եկած էին Խաչվերացի տօնի առթիւ կազմակերպուած պատարագին: Պատարագի աւարտին, դրան մօտ եկեղեցիէն դուրս եկող հայերուն սպասող ազգայնականները քարեր նետած եւ «Մա՛հ ձեզ» գոչած են:

«Սովորաբար կիրակնօրեայ պատարագների ժամանակ մինչեւ պատարագի աւարտը հայկական եկեղեցիներու մուտքին մօտ անվտանգութեան ուժերը պահակութիւն կ’ընէին: Պետութեան պարտականութիւնն է ապահովել իր քաղաքացիներու անձի եւ ունեցուածքի անվտանգութիւնը: Սա մեզ կ’ուրախացնէ: Սակայն այլ հարց է, թէ ինչու առանց ոստիկանի պահակութեան մեր իսկ հողերուն վրայ չենք կրնար հանգիստ սրտով եկեղեցական պատարագ ընել», – artigercek.com-ի հետ զրոյցին ըսած է Տողանի հայրը:

Յարձակման հետեւանքով տուժածներու մասին տեղեկութիւններ առայժմ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment