Home ՍՓԻՒՌՔ Տօնակատարութիւններ Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի 300-Ամեակին Առթիւ

Տօնակատարութիւններ Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի 300-Ամեակին Առթիւ

by MassisPost

Մեծ խնդութեամբ եւ հպարտութեամբ Մխիթարեան Միաբանութիւնը Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի 300-ամեայ յոբելեանի բացումը կը յայտարարէ Հայ աշխարհին՝ ի Մայր Հայրենիս և ի սփիւռս աշխարհի։ Յոբելեանը պաշտօնապէս սկսած է Սեպտեմբերի 8ին, թուական մը՝ որ մեծ նշանակութիւն ունեցած է Միաբանութեան պատմութեան ընթացքին։ Սեպտեմբերի 8ին, Աստուածամօր Ծննդեան տօնին, Մխիթար Սեբաստացի Կ.Պոլսոյ մէջ հիմնած է իր նորափթիթ միաբանութիւնը՝ 1700 թուականին, եւ զայն նուիրած Աստուածամօր։ 1715ի Սեպտեմբերի 8ին ոտք դրած է Վենետիկ և 1717 թուականին, մեծն Սեբաստացին եւ իր միաբանները կը մտնեն Ս․ Ղազարու կղզին շնորհիւ Վենետկեան «Անդորրագոյն» Հասարակապետութեան Ծերեկոյտին ցկեանս, առ յաւէտ արտօնութեան։

Սեպտեմբերի 8ին, Ժամը 11ին, Աստուածամօր ծննդեան տօնին առթիւ, Սուրբ Ղազարու Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ վանահայր Հ․ Սերովբէ Վրդ․Ժամուրլեան մատուցանեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, ի ներկայութեան Մխիթարեան Միաբանութեան համար Պապական պատուիրակ՝ Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեանի։

Ամսոյն 9ին, ժամը 16ին, Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթար Աբբահօր կեանքին եւ գործունէութեան նուիրած ֆիլմին առաջին ցուցադրութիւնը, բեմավարին՝ Յակոբ Փափազեանի ներկայութեամբ (Հայաստան, 2017) և մասնակցութեամբ ահս առիթով յատկապէս Վենետիկ ժամանած Ամենայն Հայոց Հայրապետին ներկայացուցիչ Եզնիկ Սրբզ․ Պետրոսեանի, ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկ․ Հրանոյշ Յակոբեանի և ՀՀ Վատիկանի Դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեանի և ՀՀ Հռոմի Դեսպան՝ Տիկ․ Վիկտորիա Բաղդասարեանի։ Յաջորդաբար, ժամը 18ին, Սուրբ Մարկոսի մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ըստ հայկական ծէսի, Վենետիկի Պատրիարք՝ Գեր․ Տ․ Ֆրանչեսկոյ Մոռալիայի ներկայութեամբ։

Ամսոյն 10ին, ժամը 11ին, Գերպ․ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան մատուցանեց հանդիսաւոր Ս․ Պատարագը Սուրբ Ղազարու Մայրավանքին եկեղեցւոյ մէջ՝ դարձեալ Վենետիկի Պատրիարքին, Վեհափառին և ՀՀ պաշտօնական ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Պատարագին յաջորդեց Միաբանութեան կողմէ հիւրասիրուած ճաշկերոյթը բոլոր հրաւիրեալներուն եւ ներկաներուն համար։

Նոյն օրը, ժամը 15 անց կէս, Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքին հիմնարկէքին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ։ Ցուցահանդէսը պաշտօնապէս տեղի կ՛ունենայ Մայրավանքի ցուցասրահներուն մէջ եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 2018:

Ցուցահանդէսի բացման, ժամը 17ին, յաջորդեց Գասպար Եդեսիա Անսամբլի երգչախումբին ելոյթը, Ժուստին Րապաչչոլիի ղեկավարութեամբ, եւ Արամ Իփէքճեանի դուդուկի ընկերակցութեամբ։

Ներկայ մամլոյ հաղորդագրութեամբ Մխիթարեան Միաբանութիւնը պաշտօնապէս կը յայտնէ որ յոբելինական տարուան ընթացքին բազմաթիւ գործունէութիւններ տեղի պիտի ունենան ի պատիւ Մխիթար Աբբահօր եւ իր հիմնած Միաբանութեան, իրենց ազգային եւ հոգեւոր նպաստին՝ Հայ ժողովուրդի մշակութային եւ ընկերային վերածնունդին համար։ Մխիթարեան Մայրավանքի 300ամեայ յոբելեանիn կազմակերպող յանձնախումբը պիտի յայտնէ յաջորդաբար նախատեսուած գործունէութիւններուն օրացոյցը։ Մխիթարեան Միաբանութիւնը կը հրաւիրէ յատկապէս մեր բոլոր հայրենակիցները միանալու եւ մասնակցելու յոբելինական ուրախառիթ հանդիսութիւններուն։

Դիւան Սուրբ Ղազարու Մխիթարեան Միաբանութեան

mkhitarist-2

mkhitarist-3

mkhitarist-4

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment