Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայկական Եկեղեցին Կողոպտուած Է

Պոլսոյ Մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայկական Եկեղեցին Կողոպտուած Է

by MassisPost

Պոլսոյ մէջ հայկական եկեղեցի կողոպտուած է։ «Doğan» կը գրէ, որ 15 Սեպտեմբերին կողոպտիչները Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի ներթափանցած եւ կրօնական իրեր գողցած են։

Տեղի բնակիչները նկատած են գողերը, երբ վերջիններս փորձած են ինքնաշարժին մէջ տեղաւորել եկեղեցիէն գողցուած հսկայական սրբապատկերն ու խաչը։ Հասկնալով, որ զիրենք նկատած են, յանցագործները մէկդի նետած են գողօնն ու փախած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment