Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Փաստաբանները Գործադուլի Դիմած են

Հայաստանի Փաստաբանները Գործադուլի Դիմած են

by MassisPost

Դատական համակարգէն դժգոհող 184 փաստաբաններ Չորեքշաբթի օր գործադուլի դուրս եկած են, պահանջելով նուաստացուցիչ խուզարկութիւններով չխոչընդոտել իրենց մուտքը դատարաններ:

Գործադուլի մասնակիցներու կողմէ   կայացած քննարկման ժամանակ փաստաբան Տիգրան Աթանէսեան փոխանցած է, որ եթէ իրավիճակը չփոխուի, աւելի մեծածաւալ բողոքի ցոյցեր տեղի պիտի ունենան:

«Չկայ արդարադատութիւն առանց փաստաբանների: Ցանկացած դատավարութիւն, որտեղ չի մասնակցում փաստաբան արդէն իսկ թերի է, կապ չունի ինչ ապացոյցներ կան: Յոյս ունենք, որ այս մէկօրեայ ակցիան բաւական կը լինի, որպէսզի պետական մարմիններում աւելի խորը ուսումնասիրեն խնդիրը եւ գտնեն բոլորի համար յարմար լուծում», – յայտարարած է փաստաբան Տիգրան Աթանէսեան:

Արդեօք եղա՞ծ է նախադէպ, որ վտանգաւոր առարկաներ դատարան բերելով փաստաբանները նպաստեն յանցագործութիւններու կատարման, հարց բարձրացուցած է գործադուլի նախաձեռնողներէն Երուանդ Վարոսեան:

«Եղե՞լ է արդեօք նման ինչ-որ դէպք, որին պետութիւնը կը փորձէր նման կերպ արձագանգել՝ այսինքն, կանխել նման երեւոյթները: Ի հարկէ ոչ», – ըսած է Վարոսեան:

«Սասնայ Ծռեր»ու գործով ներգրաւուած փաստաբան Մուշեղ Շուշանեան ներկայացուցած է, որ դատարան մուտք գործած ժամանակ փաստաբաններու պայուսակներու պարունակութեան ստուգման հետ կապուած աննախադէպ հետապնդումները սկսած են շուրջ երեք ամիս առաջ, Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը գրաւած զինուած խումբի գործով դատական նիստերու մեկնարկին: Շուշանեան, որ երեք ամսուայ ընթացքին կրցած է մասնակցիլ միայն երկու դատական նիստի, վստահ է, որ խնդիր պիտի չըլլար, եթէ Փաստաբաններու պալատն ի սկզբանէ պաշտպանէր իրենց շահերը:

«Փաստաբանների պալատի նախագահը եւ Փաստաբանների պալատի խորհուրդը վերածուել են փաստաբանների դէմ իրականացուող հետապնդումների գործիքի: Էնպիսի տպաւորութիւն կայ, որ փաստաբանների պալատի նախագահի առջեւ խնդիր է դրուած անկախ փաստաբանութեան դէմ արշաւ տանել», – պնդած է Շուշանեան:

Օրեր առաջ Փաստաբաններու պալատի նախագահ վերընտրուած Արա Զոհրապեան, իր խօսքով՝ որպէս համերաշխութեան քայլ նոյնպէս ներկայ գտնուած է այսօր տեղի ունեցած քննարկման, հակառակ անոր, որ ընդգծած է, թէ գործադուլին պիտի չմիանայ: Իր հասցէին մեղադրանքները Զոհրապեան անհիմն որակած է, վերահաստատելով կարծիքը, որ դատարաններու մէջ տեղի ունեցողը ոչ թէ խուզարկութիւն է, այլ զննութիւն, բան մը, որ օրէնքով նախատեսուած է:

«Փաստաբանը, եթէ ասում է չեմ բացում, խուզարկութեան դէպքում էլ փաստաբանին չեն հարցնում, այլ վերցնում են պայուսակը, բացում են: Այ դա է խուզարկութիւնը: Եթէ փաստաբանի պայուսակին մատով մէկը ձեռք չի տալիս, էստեղ խուզարկութեան մասին խօսք չկայ», – ըսած է Արա Զոհրապեան:

Փաստաբան Լուսինէ Սահակեան հակադարձած է, որ զննութիւնն իրականութեան մէջ կը պարտադրուի, քանի որ հակառակ պարագային իրենք կը զրկուին դատարան մուտք գործելու հնարաւորութենէն:

«Խուզարկութիւնը զննութեան քօղի ներքոյ պարտադրուում է փաստաբանին, որովհետեւ փաստաբանը շատ աւելի կարեւոր հարց ունի լուծելու՝ դատական նիստերին չի կարողանում մասնակցել», – յայտարարած է Սահակեան:

Փաստաբաններու պալատի նախագահին կարծիքով, խնդրայարոյց է զննութեան կարգը, եւ իրենք կը փորձեն կամաց-կամաց Դատական հիմնարկը զիջումներու տանիլ:

«Փաստաբանների պալատին ես չեմ կարող միանգամից տանել ծայրայեղ քայլերի: Վստահ եմ՝ ինձնից լաւ գիտէք դա: Ես առնուազն պէտք է հաւասարակշռուած գործեմ, որովհետեւ հիմա էստեղ կայ 30 փաստաբան, եւ 30 փաստաբանի կարծիքը կարող է չհամընկնել, օրինակ, 200 փաստաբանի կարծիքի հետ: Իսկ ես պարտաւոր եմ բոլորի շահերը հաշուի առնել», – ըսած է Արա Զոհրապեան:

Փաստաբաններու պալատը եւ դատական հիմնարկը շուրջ մէկ ամիս առաջ համատեղ յայտարարութեամբ սահմանած էին դատարան մուտք գործած ժամանակ զննութեան կարգը: Փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ Ռուբէն Սահակեան այսօր զարմանք յայտնած էր, որ եթէ նոյնիսկ խուզարկութիւն չ’իրականացուիր, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է իրաւաբանական ուժ չունեցող յայտարարութեամբ մը զննութեան կարգ որոշել:

«Ես ինձ նուաստացուած կը զգամ, եթէ ինձ ենթարկեն նուաստացուցիչ պայմաններում, նման թղթօնի առկայութեան պայմաններում ասեն՝ սա է մեր օրէնքը, սրանով պէտք է քեզ զննեն», – նշած է Փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահը:

Փաստաբաններու պալատի դիմումին հիման վրայ Դատարաններու նախագահներու խորհուրդը երէկ հրապարակած է դատարաններու մէջ արգիլուած իրերու ցանկ: Ըստ անոր, արգիլուած է դատարան բերել, օրինակ, զէնք, կտրող-ծակող առարկաներ, պայթուցիկ նիւթեր, ինչպէս նաեւ սողուններ, ձուկեր, վիրուսներ, ձկնորսութեան կարթեր, նաւակի թիեր եւ այլն: Այս ցանկը զաւեշտալի որակելով, փաստաբաններն այսօր պնդած են, որ Դատարաններու նախագահներու խորհուրդը չարաշահած է իր լիազօրութիւնները, քանի որ, ըստ Սահմանադրութեան, պարտաւորութիւններ կրնան սահմանուիլ միայն օրէնքով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment