Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կրակոց Երեւանի «Վէրնիսաժ» Հատուածին Մէջ. Կայ Մէկ Զոհ

Կրակոց Երեւանի «Վէրնիսաժ» Հատուածին Մէջ. Կայ Մէկ Զոհ

by MassisPost

14 Սեպտեմբերին, ժամը 13.30-ին Երեւանի   Վերնիսաժ  հատուածի «Թիւֆէնքեան» հիւրանոցի մօտ  կրակոցներ հնչած  են: զոհուած է մէկ անձ՝ Ալաւերտի քաղաքի բնակիչ, 1974-ի ծնունդ Գ.Մ-ն, միւսը՝ Ալաւերդիի մէջ քրէական հեղինակութիւն համարուող, 1978-ի ծնունդ Վահագն Աբգարեանը,  ծանր վիրաւորում ստացած է։

Միջադէպի բացայայտման ուղղութեամբ ՀՀ ոստիկանութեան ձեռնարկած հետախուզական եւ քննչական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է յանցագործութիւնը կատարելու մէջ կասկածուողներու ինքնութիւնը՝ 1957-ի ծնունդ Ռաֆիկ Խաչատրեան, 1982-ի ծնունդ Ալպերթ Պլպուլեան եւ 1984-ի ծնունդ Արմէն Կարատաւիտով:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ոստիկանութենէն եւ կը նշեն, որ կը ձեռնարկուին հետախուզական ծաւալուն միջոցառումներ անոնց յայտնաբերելու եւ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment