Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քոլոմպիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանութիւնը Հաստատած է Արսէն Ոսկանեանի Մահուան Լուրը

Քոլոմպիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանութիւնը Հաստատած է Արսէն Ոսկանեանի Մահուան Լուրը

by MassisPost

Քոլոմպիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանութիւնը հաստատած է 2016 թուականի Նոյեմբերին գերի ինկած Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացի Արսէն Ոսկանեանի մահուան մասին տեղեկութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը գրառում կատարած է ֆէյսպուքեան իր էջին:

«Այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է այդ ողբերգական օրը (2017 թուականի Ապրիլին), կան զանազան տարբերակներ: Մէկ բան յստակ է, որ պարոն Արսէն Ոսկանեան մահացած է: Ենթադրաբար, գերութենէ փախչելու ժամանակ»,- կ’ըսուի դեսպանատան յայտարարութեան մէջ:

Դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն յայտնած են, որ օգտագործած են պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական բոլոր օղակները սպանութեան տեղեկութիւնը ճշդելու համար: Այդուհանդերձ, մահուան յստակ պատճառը պարզել հնարաւոր չէ եղած:

«Ներկայիս մենք Քոլոմպիոյ իրաւասու գերատեսչութիւններուն, միջազգային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ մահացածի բարեկամներուն հետ սերտ կապի մէջ ենք, կազմակերպելու համար ապստամբներու կողմէ թաղուած դիակի տեղափոխումը»,- նշած են Քոլոմպիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանութենէն:

42-ամեայ Ոսկանեան Քոլոմպիոյ «Ազգային ազատագրման բանակ» ապստամբ խմբաւորման կողմէ գերեվարուած էր 2016 թուականի Նոյեմբերին, հիւսիս-արեւմտեան Չոքօ շրջանին մէջ: Խմբաւորումը վստահեցուցած էր, թէ ան հաւաքած է թունաւոր գորտեր, նպատակ ունենալով զանոնք դուրս բերել Քոլոմպիոյ տարածքէն:

Ոսկանեան վեց ամիս առաջ՝ 2017 թուականի Ապրիլին սպաննուած է: Խմբաւորման առաջնորդը յայտնած էր, որ Ոսկանեան սպաննուած է փախուստի փորձ ձեռնարկելու ժամանակ: ՀՀ քաղաքացին այդ ժամանակ վերցուցած է նռնակը եւ պայթեցուցած, վիրաւորելով խմբաւորման հինգ անդամ: Այդ ժամանակ «Ազգային ազատագրման բանակ»ի անդամները կրակած են անոր ուղղութեամբ ու սպանած զինք:

«Ազգային ազատագրման բանակ»ը ներկայիս խաղաղութեան հաստատման նպատակով բանակցութիւններ կը վարէ երկրի կառավարութեան հետ, նպատակ ունենալով դադրեցնել աւելի քան 53 տարի շարունակուող պատերազմը: Էքուատորի մէջ հանդիպում ունեցած երկու կողմերը 4 Սեպտեմբերին յայտնած են, որ համաձայնութեան եկած են Հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ երկկողմ կրակի դադրեցման հարցին շուրջ: Հրադադարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաջորդ տարի, այն կը բացառէ նաեւ առեւանգումներու իրականացումը:

Քոլոմպիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութիւնն այս տարիներու ընթացքին խլած է 220 հազար անձի կեանք, միլիոնաւոր մարդիկ տեղահանուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment