Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իսրայէլի Քնիսէթի Պատուիրակութիւնն Այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Իսրայէլի Քնիսէթի Պատուիրակութիւնն Այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

by MassisPost

Իսրայէլի Քնիսէթի փոխ-խօսնակ, Իսրայէլ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլոսքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Իսրայէլ բարեկամական խումբի ղեկավար Գագիկ Մինասեանի, խումբի անդամներ Միքայէլ Մելքումեանի, Գագիկ Մելիքեանի, Գէորգ Գորգիսեանի եւ Սուրէն Մանուկեանի ուղեկցութեամբ 12 Սեպտեմբերին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ տեղադրած են 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Հիւրերը այցելած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ գրառում կատարած յուշամատեանին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment