Միացեալ Թագաւորութեան ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը հետաքննութիւն սկսիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ դրամի լուացման եւ անոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններու ունեցած ներգրաւուածութեան գործով: Այս մասին կը յայտնէ բրիտանական հեղինակաւոր «The Guardian» պարբերականը:
Ի պատասխան ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու կողմէ հնչած պահանջին, Մէյի խօսնակը յայտնած է, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ, թէ արդեօք կարիք կա՞յ հետաքննութիւն սկսելու»,- ըսած է խօսնակը: «Ժամանակն է հրապարակայնօրէն լուալու կեղտոտ ճերմակեղէնը եւ յստակօրէն պարզելու, թէ ով որու վճարած է եւ ինչու: Մենք ամբողջական հետաքննութեան կարիք ունենք, համոզուելու համար, որ կեղտոտ դրամները չեն օգտագործուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ազդեցութիւն գնելու նպատակով»,- ըսած է Լիպերալ-դեմոկրատներու նախկին առաջնորդ Թիմ Ֆարոն:
Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Մարգարիտ Հոտճ ընդգծած է, որ քանի տակաւին իրենք չեն գիտեր, թէ ովքեր տնօրինած են իրենց երկրին մէջ անօրինական գործունէութիւն ծաւալած չորս ընկերութիւնները, նման անընդունելի փորձառութիւնը կրնայ կրկուիլ: Լէյպըրիստական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փիթըր Տոտ նշած է, որ դրամի լուացումը մեծապէս կը վնասէ Միացեալ Թագաւորութեան տնտեսութեան եւ կը փտեցնէ հասարակութիւնը: Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, որ եղած է անօրինական գումարային փոխանցումներու շահառուներէն մէկը, այդ մասին բացայայտումէն վայրկեաններ անց հրաժարական տուած է:
Ան ստացած է շուրջ 400 հազար ֆունտ սթերլին գումար: «British Petrolium»ի նախկին աշխատակիցը կ’աշխատի Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութեան համար: Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան համանախագահ, Լիպերալ-դեմոկրատ Լորտ Գերման նշած է, որ Կուլիեւ հեռացած է «The Guardian»ի մէջ կատարուած հրապարակումէն 9 վայրկեան անց: Ան ընդգծած է, որ Կուլիեւին կատարուած վճարումներէն ոչ մէկ գումար փոխանցուած է հանրութեան: Գերմանին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ Կուլիեւ չէ բացայայտած, թէ ուրկէ ստացած է գումարը, սակայն ըսած է, որ այն օրինական է եւ «անձնական օգտագործման համար»:
Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական Պաքու Ալիեւներու ընտանիքի հերթական ապօրինի գործունէութեան բացայայտման շատ բուռն կերպով արձագանգած է, անմիջապէս մեղադրանքներ յղելով «The Guardian»ի եւ հայկական Սփիւռքի հասցէին: Առաջին պաշտօնական արձագանգի հեղինակը՝ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով, յայտարարած է, թէ Ալիեւներու ռեժիմը դարձած է «բրիտանական հետախուզութեան, հայկական Սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած խնդրայարոյց արշաւի զոհը»: «Երբ պատահած է, որ «The Guardian» Ատրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը գրէ: Այս պարբերականը տասնեակ տարիներ յայտնի է հակա-ատրպէյճանական բնոյթով»,- նշած է Հասանով, հրապարակուած զեկոյցը «կողմնակալ, անհիմն ու սադրիչ» անուանելով: Աւելին, Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն յայտարարած են, թէ բացայայտումներու ետին կանգնած են ամերիկացի յայտնի ներդրող եւ միլիառատէր Ճորճ Սորոս եւ անոր հետ համագործակցող հայկական լոպպիստական ընկերութիւնները:
«Այն փաստը, որ «The Guardian»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի հեղինակներէն մէկը հայ Տինա Նահապետեանն է, կը վկայէ, որ այդ մեղադրանքներու ետին հայկական լոպպին է»,- նշուած է նախագահականի յայտարարութեան մէջ: Ալիեւներու կողմէ դրամի լուացման մասին նոր բացայայտումէն անմիջապէս ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկրէն ներս արգելափակած են Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (Organized Crime and Corruption Reporting Project) կայքի հասանելիութիւնը: Նոյն այս նախագիծն էր, որ հրապարակած էր «Ատրպէյճանական լուացքատուն» անունը ստացած գործի մանրամասները: «Ատրպէյճանական լուացքատուն»ը գործած է երկու տարի՝ մինչեւ 2014 թուական: Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ թէեւ գումարի աղբիւրը յայտնի չէ եղած, սակայն կան «բաւարար ապացոյցներ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ կապ ունենալու վերաբերեալ»:
Նշուած է, որ գումարի մեծ մասը վճարուած է լոպպիստներուն, լրագրողներուն, քաղաքական գործիչներուն եւ գործարարներուն: Վճարման նախագիծը յատկապէս յաջող կերպով իրականացուած է Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ 2013 թուականին Ատրպէյճանի համար խիստ կարեւոր զեկոյցի քուէարկութեան ժամանակ: Այդ քուէարկութիւնը, որ կապուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հետ, ներկայիս հետաքննութեան տակ է, անոր հետ կապուած զեկոյցը պատրաստ պիտի ըլլայ 2017 թուականի վերջը:
Ստուերային գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւնները, որոնց միջոցով գումարները վճարուած են, գործած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, երկուքը՝ Անգլիա, երկուքը՝ Սքօթլանտա: Անոնք այժմ լուծարուած են: Եւրոպական յայտնի դրամատուներէն մէկը՝ դանիական «Danske Bank»ը, այդ ընկերութիւններուն վճարումներ կատարած է Էսթոնիոյ իր մասնաճիւղին միջոցով: