Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան իր 4 Կուսակիցներուն Հետ Նստացոյց Սկսած է Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի Շէնքին Մէջ

Կարօ Փայլան իր 4 Կուսակիցներուն Հետ Նստացոյց Սկսած է Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանի Շէնքին Մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան իր 4 կուսակիցներու հետ բողոքի նստացոյց սկսած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի շէնքին մէջ: Այս մասին ան գրած է թուիթըրեան իր էջին:

«Մեր պատգամաւորները Սահմանադրական դատարանի շէնքին մէջ սկսան խիղճի եւ արդարութեան պատուոյ պահակութիւնը»,- գրած է ան:

Նշենք, որ Փայլան ու իր կուսակիցները կը պահանջեն ազատ արձակել իրենց բանտարկուած կուսակիցները, այդ թուին՝ կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիգէն Եուքսէքտաղ:

Աւելի վաղ յայտարարուած էր, որ Թուրքիոյ քրրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական (HDP) կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթին Տեմիրթաշի եւ Ֆիգէն Եուքսէքտաղի նկատմամբ մեղադրական զեկոյցներն ընդունուած են դատարանի կողմէ։

Թրքական «Sozcu» պարբերականին փոխանցմամբ, Տիարպէքիրի դատախազութիւնը Սելահաթթին Տեմիրթաշի դէմ ներկայացուցած 500 էջնոց մեղադրական զեկոյցին մէջ կը պահանջէ 142 տարուայ ազատազրկում, իսկ կին համանախագահ Ֆիգէն Եուքսէքտաղի համար՝ 83 տարուայ։

Քիւրտ գործիչները կը մեղադրուին «ահաբեկչական կառոյց ստեղծելու եւ ղեկավարելու», «ահաբեկչական կառոյցի օգտին քարոզչութիւն կատարելու», «յանցագործը փառաբանելու», «ժողովուրդը ատելութեան եւ թշնամութեան հրահրելու» մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment