Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Բակօ Սահակեան Երրորդ Անգամ Ստանձնեց ԼՂ Նախագահի Պաշտօնը

Բակօ Սահակեան Երրորդ Անգամ Ստանձնեց ԼՂ Նախագահի Պաշտօնը

by MassisPost

Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ այսօր տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի վերընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը։ 57-ամեայ Սահակեան այս պաշտօնը կը ստանձնէ երրորդ անգամ։

Նախագահի երդմնակալութիւնը տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի խորհրդարանի յատուկ նիստի ժամանակ, Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ։ 17-րդ դարու Աւետարանի եւ Ղարաբաղի Սահմանադրութեան վրայ Սահակեան երդուեց պահպանել ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը․ – «Ստանձնելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ երդուում եմ անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովրդի»:

Այս տարուան սկիզբը կայացած Սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք Ղարաբաղ անցում կատարեց կառավարման նախագահական համակարգի: Յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ղեկավարուի անցումնային փուլի ռեժիմով:

Անցումնային նախագահն ընտրելու իրաւունքը խորհրդարանինն էր, որ այս տարուայ Յուլիսի 19-ին մեծամասնութեան ձայներով այդ պաշտօնին համար վերընտրեց Բակօ Սահակեանը։

Վերընտրուելուն առթիւ շնորհաւորանքներ ստանալէ ետք Բակօ Սահակեան ելոյթով հանդէս եկաւ, յայտարարելով, որ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ անվտանգութեան, բարեկեցութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն, պիտի շարունակէ զարգացնել տնտեսութիւնը․ – «Մենք անելու ենք ամէն ինչ՝ հայ ժողովրդի պատիւն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու։ Եւ այդ ճանապարհին ես մեզ բոլորիս յաջողութիւն եմ ցանկանում»:

Բակօ Սահակեանի երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ էին Ղարաբաղի պաշտօնեաները: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան օրհնեց վերընտրուած նախագահն ու յորդորեց վճռականութեամբ շարունակել առաջնորդել Ղարաբաղի ժողովուրդը․ – «Դուք ստանձնեցիք երկրի առաջնորդի պաշտօնը: Եւ մեր աղօթքն է, որ Դուք նոյն աւիւնով, նոյն վճռականութեամբ շարունակէք այս վսեմ պարտականութիւնը՝ առաջնորդելու մեր երկիրը դէպի բարգաւաճում, խաղաղութիւն եւ յաջողութիւն: Թող Տէրը Ձեզ պարգեւի երկաթէ առողջութիւն, համբերութիւն եւ շնորհի Ձեզ բազում-բազում բարի պտուղներ, որին մեր ժողովուրդը իսկապէս արժանի է»:

Նիստի աւարտին Ղարաբաղի խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան ընդգծեց, որ երդմնակալութեան հանդիսաւոր միջոցառմամբ երկրին մէջ քաղաքական նոր հանգրուանի սկիզբ կը դրուի, որուն գլխաւոր նպատակը պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան յետագայ բարձրացումն է․ – «Խորապէս համոզուած եմ, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի փորձառութիւնը, ժողովրդավարական գործընթացները զարգացնելու վճռականութիւնը, երկրի տնտեսական, սոցիալական ու հանրային-քաղաքական կեանքում սկսած բարեփոխումները շարունակելու կամքը, անվտանգութեան ու պաշտպանական համակարգերի նկատմամբ նրա ընդգծուած ուշադրութիւնը, Զինուած ուժերի մարտունակութեան շարունակական բարձրացման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը, զինծառայողների սոցիալական խնդիրների հանդէպ հոգատարութիւնը բաւարար հիմքեր են քաղաքական ուղեգիծն անշեղ պահելու եւ մեր ժողովրդին յուզող խնդիրներին համարժէք լուծումներ գտնելու դժուարին ու պատասխանատու գործում»:

Սահմանադրութեան համաձայն, այսօր Ղարաբաղի կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուց։ Յառաջիկայ 20 օրերու ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան նոր կառավարութիւն պիտի ձեւաւորէ եւ պիտի ղեկավարէ: Իսկ վարչապետի պաշտօնը Ղարաբաղի մէջ կը վերանայ, այն կը փոխարինուի պետական նախարարով։ Ղարաբաղի վարչապետը Արայիկ Յարութիւնեան է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment