Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Զայրացած է ԱՄՆ-ի Մէջ Էրտողանի Թիկնազօրի Անդամներուն Մեղադրանք Առաջադրման Որոշումէն

Թուրքիա Զայրացած է ԱՄՆ-ի Մէջ Էրտողանի Թիկնազօրի Անդամներուն Մեղադրանք Առաջադրման Որոշումէն

by MassisPost

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը արձագանգած է Ուաշինկթընի դատարանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անվտանգութեան ծառայութեան 15 աշխատակիցներուն մեղադրանք առաջադրելու Ուաշինկթընի դատարանի որոշման, այն անարդար որակելով:

ԱՄՆ դատախազութիւնը նախօրէին յայտարարած էր, որ 16 Մայիսին Թուրքիոյ նախագահին ԱՄՆ կատարած այցի ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ ցուցարարներուն վրայ յարձակած 19 անձին մեղադրանք առաջադրուած է ատելութեան հողի վրայ յարձակում իրականացնելու համար:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւնը դժգոհութիւն յայտնած է ամերիկեան իշխանութիւններու որոշման առիթով, այն որակելով որպէս անարդար, անհիմն եւ կողմնակալ: ԱԳ նախարարութեան պնդմամբ, դէպքին պատճառը «ամերիկեան անվտանգութեան մարմիններու լուրջ բացթողումներն են եւ ցուցարարներու քօղին տակ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմնակիցներու սադրիչ գործողութիւնները»:

Նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ մեղադրական եզրակացութեան մէջ յիշատակուած անձերէն ոմանք ԱՄՆ երբեք չեն մեկնած: Թրքական իշխանութիւնները վճռականութիւն յայտնած են իրաւական ճամբով պայքարելու իրենց իրաւունքներուն համար:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը իր բողոքը յայտնած է նաեւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպանին:

16 Մայիսին Էրտողանի Ուաշինկթըն այցի ընթացքին անոր համակիրներն ու թիկնազօրի անդամները յարձակած էին Թուրքիոյ նախագահի այցին դէմ բողոքող խաղաղ ցուցարարներու՝ հայերու, քիւրտերու, յոյներու վրայ եւ դաժան ծեծի ենթարկած զանոնք: Դէպքի ժամանակ բռնութեան զոհ դարձած էր 11 անձ, այդ թուին` մէկ ոստիկան:

Այս գործով մեղադրուող անձերուն մինչեւ 15 տարուայ ազատազրկում կը սպառնայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment