Home ԳՐԱԿԱՆ 1915-ին Ի՞նչ Պատահեցաւ Անգարայի Մէջ

1915-ին Ի՞նչ Պատահեցաւ Անգարայի Մէջ

by MassisPost

Առաքելեանի գիրքը կը պարունակէ 1915-ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122-օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը։

Անգարացի կաթողիկէ հայու մը՝ Սիմոն Առաքելեանի, «Անգարայի դէպքը. աքսորականի յուշերս» գիրքը կը պարունակէ 1915-ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122-օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը։ Գիրքը, որ առաջին անգամ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է 1921-ին եւ այժմ ընթերցողին կը ներկայանայ լատինատառով, ողջ մերկութեամբ ու ճշմարտութեամբ մէջտեղ կը դնէ Ռեժիի մէջ պաշտօնավարող Առաքելեանի ու իր շրջապատի մարդոց պատահած դէպքերը։

Ըստ Առաքելեանի պատումին, 1915-ի ամրան մինչ կը կոտորուէին անգարացի առաքելական հայերը՝ կաթողիկէ հայերն ալ կը սպասէին, թէ երբ հերթը պիտի հասնի իրենց. վերջապէս անոնք ալ կը ձերբակալուին հաւաքաբար ու կը տարագրուին դէպի մահ՝ յարձակումներու, վատ վերաբերումի, սովի ու բնական պայմաններու ուղեկցութեամբ։ Որպէս առաջին կայան որոշուած Տարսոնէն ետք, անոնք պիտի ուղեւորուէին դէպի Տէր Զօրի անապատները, ուր ողջ մնալու հաւանականութիւն գրեթէ չկար։ Առաքելեան մէկ բան կը մտածէր. ի գին ամէն ինչի փախչիլ Տէր Զօրէն։ Բախտը կը ժպտի իրեն։ Փրկութեան պատմութիւնը, որ կ՚ընթերցուի մէկ շունչով, ինչպէս նաեւ անճարութեամբ յագեցած յուշագրութիւնը, ան 1921-ին կը հրատարակէ Պոլսոյ մէջ։

Առաքելեանի յուշագրութիւնը կը բացայայտէ կաթողիկէ հայոց, որոնք ըստ պաշտօնական պատմագրութեան տարագրութեան ու կոտորածի ենթարկուած չեն, 1915-ի տարագրութեան պայմաններուն, գրաւեալ գոյքերուն, ինչպէս նաեւ 1917-ի Անգարայի հրդեհին վերաբերող մանրամասնութիւններ։ Գիրքին արժէքը այսքանով սահմանափակուած չէ սակայն. գրութիւնը ողջ մերկութեամբ կը պատմէ, թէ շարքային օսմանեան հայ մը այդ օրերուն ինչ կը զգար, ինչպէս կը մեկնաբանէր իրեն պատահածները, կը ներկայացնէ անոր ներքին հաշուետուութիւնը։ Գրութիւնը իւրայատուկ է՝ որովհետեւ Աղէտի ընդմէջէն ուղղակիօրէն ու առանց միջնորդի հասանելի կը դարձնէ անհատի մը պատմութիւնը։ Երկը պատրաստուած է խմբագրութեամբ Մուրաթ Ճանքարայի, որ օսմաներէն բնագիրը վերածած է ժամանակակից թրքերէնի։ Խմբագիրը արաբատառ օսմաներէնը տառադարձած է նաեւ լատինատառի, ինչ որ առիթ կու տայ նաեւ բնագրով ընթերցելու Առաքելեանի նուրբ օսմաներէնով գրուած նախադասութիւնները։

ՍԻՄՈՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Շատ քիչ բան յայտնի է Սիմոն Առաքելեանի մասին, որ ծնած ու մեծցած է Անգարա։ 1922-էն ետք գաղթած է Ֆրանսա, որու քաղաքացին դարձաւ 1939-ին եւ նոյն տարին ալ մեռաւ։ Ռեժիի պաշտօնեայ էր։ Ամուսնացած էր եւ հայր՝ դուստրի մը։ Մօրեղբօր անունն էր Օննիկ Գասպարեան։ Մայրենին խիստ հաւանաբար թրքերէնն էր։ Շատ լաւ գիտէր ֆրանսերէն, օսմաներէն ու հայերէն։ 1918-ին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն ետք, հայերու դէմ կատարուած բռնութիւններու մասին հետաքննութեան ժամանակ ցուցմունքներ տուած է։ Էնքերէ վուքուաթը իր առաջին ու միակ գործն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment