Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պերլին կը Յորդորէ Աջակցիլ Էրտողանի Ընդդիմախօսութիւն՝ Անգարա Դարձեալ կը Հայհոյէ

Պերլին կը Յորդորէ Աջակցիլ Էրտողանի Ընդդիմախօսութիւն՝ Անգարա Դարձեալ կը Հայհոյէ

by MassisPost

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ երէկ հրապարակաւ յայտարարած է, թէ Եւրոմիութիւնը պէտք է աջակցի ժողովրդավարութեան նուիրեալ այն թուրքերուն, որոնք կ’ընդդիմանան նախագահ Էրտողանին:

«Թուրքիոյ ժողովուրդին աւելի քան կէսը կը հակի ժողովրդավարութեան, անոնք չեն աջակցիր էրտողանին, եւ կը կարծեմ, որ շատեր Թուրքիոյ մէջ յոյս ունին, որ Եւրոպա ու Գերմանիա պիտի սատարեն թրքական ժողովրդավարութեան, ոչ թէ ձեռքերը ծալած՝ հեռուէն պիտի հետեւին իրադարձութիւններու զարգացման»,- յայտարարած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը:

Ի պատասխան, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Օմեր Չելիք մեղադրած է Գաբրիէլը ռասիզմի ու ֆաշիզմի մէջ: «Գաբրիէլ նոր բան չ’ըսեր, ան կը կրկնէ ծայրայեղ աջերու եւ ռասիստներու յայտարարութիւնները, փորձելով խափանարարութեան ենթարկել Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ, սակայն Անգարայի համար ռասիստներու, ֆաշիստներու եւ իսլամի թշնամիներու յարձակումները նախագահ Էրտողանին դէմ, որեւէ արժէք չունին»,- ըսած է թուրք նախարարը թուիթըրի իր էջին մէկը միւսին յաջորդող, այս թեմային շուրջ կատարած շուրջ երեք տասնեակ գրառումներուն մէջ:

Նշենք, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու դաշնակից պետութիւններու յարաբերութիւնները սրած էին անցեալ տարուընէ, երբ Պունտեսթակ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ու հակառակ երբեմնի սերտ կապերուն եւ Գերմանիոյ մէջ միլիոնաւոր թուրքերու առկայութեան, կիրքերը օրէ օր կը թեժանան: Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահը, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, թէ Գերմանիոյ վարչապետն ու ԳԴՀ խոշորագոյն կուսակցութիւնները «Թուրքիոյ թշնամին են», Գերմանիա ապրող թուրքերուն յորդորելով ձայն չտալ անոնց Սեպտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ:

«Կոչ կ’ուղղեմ իմ գերմանաբնակ հայրենակիցներուս, որ յանկարծ սխալմամբ կողմ չքուէարկէք այն կուսակցութիւններուն, որոնք կը մասնակցին Թուրքիոյ հանդէպ թշնամական ու անարգալից քաղաքականութեան: Կը յորդորեմ ձեզի, գացէք ու լաւ դաս մը տուէք անոնց յառաջիկայ ընտրութիւններու ժամանակ»,- ըսած էր Էրտողան: Գերմանիոյ այժմու իշխանութիւնները ֆաշիստներու եւ նացիստներու հետ համեմատելէ ետք ալ, անցեալ շաբաթավերջին, էրտողան անցած էր անձնական վիրաւորանքներու: «Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ տակաւին շատ փոքր է Թուրքիոյ նախագահը քննադատելու համար»,- այս Կիրակի երկրի Տենիզլի նահանգին մէջ կայացած հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած էր Էրտողան ու շարունակած․ «Այդ մարդը սարսափ է, չափ ու սահման չի գիտեր ընդհանրապէս, ո՞վ ես դուն, որ խօսիս Թուրքիոյ նախագահին հետ, չա’փդ գիտցիր: Կը փորձես մեզի դաս տալ, անոր փոխարէն դուն քեզի հարցո՝ւր երբուընէ՞ քաղաքականութեան մէջ ես եւ քանի՞ տարեկան ես:

Էրտողանի այս թէժ ելոյթներէն ետք Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահի աջակիցները սկսած են սպառնալ իր կնոջ՝ Անքէ Գաբրիէլին: «Էրտողանի խօսքերը, ըստ երեւոյթին, քաջալերած են ոմանք, որ հեռախօսազանքերով սպառնան ու վախցնեն իմ տիկինս, անշուշտ, այս մէկը սարսափելի է»,- յայտարարած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, առանց յաւելեալ մանրամասներ փոխանցելու:

Աւելի վաղ՝ անցեալ ամիս Գաբրիէլ Գերմանիոյ քաղաքացիներուն յորդորած էր ձեռնպահ մնալ Թուրքիա այցելելէ, գործարարներուն ալ խորհուրդ տուած էր ներդրումներ չընել երկրի մը մէջ, ուր գործող վարչակազմը կրնայ Գերմանիոյ քաղաքացիները ձերբակալել ամէնէն անհեթեթ հիմնաւորումներով: Այսօր թրքական բանտերուն մէջ Գերմանիոյ 22 քաղաքացի կայ, այդ թուին՝ յայտնի լրագրողներ ու իրաւապաշտպաններ, զորս Թուրքիա կը մեղադրէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու մէջ:

Պերլին անընդունելի կը համարէ այդ մեղադրանքները: Աւելին՝ Գերմանիոյ իշխանութիւնները ԵՄ անդամ երկիրներուն կը յորդորեն առաւել մանրազնին դիտարկել Թուրքիոյ քաղաքացիները ձերբակալելու եւ արտայանձնելու պաշտօնական Անգարայի պահանջները:

«Եւրոպա չի կրնար թոյլ տալ, որ գործող վարչակազմի իւրաքանչիւր ընդդիմախօս ենթարկուի կամայական հետապնդման»,- յայտարարած է Գերմանիոյ Արդարադատութեան նախարարը: «Հակառակորդներուն վերաբերեալ Էրտողանի հռետորաբանութիւնն ու ընդդիմախօսներու հասցէին անոր զրպարտութիւնները, թէ դաւաճան են ու անհաւատ, սպառնալիք են Գերմանիոյ ժողովրդավարական մշակոյթին»,- երէկ յայտարարած են Գերմանիոյ Արդարադատութեան նախարարն ու Արտաքին գործոց նախարարը, աւելցնելով․ «Գերմանիա պէտք է պաշտպանէ այն մարդիկը, որոնք դէմ են էրտողանի սկսած այս մշակութային պատերազմին ու քարոզչութեան»:

Պաշտօնական Պերլինի այս քաղաքականութիւնն արդէն կ’արտացոլայ նաեւ թուային ցուցանիշներու մէջ․ ԳԴՀ Ներքին գործոց նախարարութեան այսօր հրապարակած վիճակագրութեան համաձայն, Գերմանիայէն քաղաքական ապաստան հայցող թուրքերուն թիւը միայն անցեալ ամիս աւելցած է շուրջ 43 տոկոսով: Ընդ որում, մէկ ամսուայ ընթացքին ներկայացուած աւելի քան 600 դիմումներու 22 տոկոսն արդէն բաւարարուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment