Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իսրայէլ Միակ Երկիրը Չէ, որ Զէնք կը Վաճառէ Ատրպէյճանին. Իգիթեան

Իսրայէլ Միակ Երկիրը Չէ, որ Զէնք կը Վաճառէ Ատրպէյճանին. Իգիթեան

by MassisPost

Իսրայէլ Ատրպէյճանին զէնք վաճառող միակ երկիրը չէ, եւ այդ մէկն ամենասարսափելին չէ։ Այս մասին յայտարարած է է ՀՀՇ-ի անդամ Յովհաննէս Իգիթեան, 17 Օգոստոսին, մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

Անդրադառնալով իսրայէլեան մամուլի հրապարակումներուն, ըստ որոնց, իսրայէլեան տրոններ արտադրող ընկերութիւնն այն փորձարկած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, Իկիթեան նշած է, որ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ’ուսումնասիրէ այդ դէպքը, քանի որ իրենց օրէնսդրութիւն կ’արգիլէ որեւէ հակամարտութեան անմիջական մասնակցութիւն ունենալ:

Անոր խօսքով, Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը պէտք է իր բացասական վերաբերմունքը ցոյց տայ իսրայէլեան կողմին։ Այսինքն՝ խօսքը իսրայէլեան ընկերութեան բարեկամական բնոյթ չկրող քայլին մասին է, կը յստակեցնէ Իկիթեան։

Բացի անկէ, 2008 թուականէն Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութիւնն Իկիթեան կապած է Հայաստանի մէջ 2016-ի ապրիլեան ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ: Անոր կարծիքով, Պաքու օգտուած է Հայաստանի «ոչ ժողովրդավար» ըլլալու հանգամանքէն: Այդ առումով տեղին է նկատել, որ նոյն ինք Երեւան հրաժարած է Իսրայէլէն զէնք գնել։

Իկիթեան նշած է, որ Հայաստան ժամանակին մեծ սխալ գործած է՝ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն չբանալով եւ չստեղծելով պայմաններ, որ Իսրայէլի դեսպանատուն բացուի Երեւանի մէջ. «Յարաբերութիւնները չեն աւարտուում Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ, անհրաժեշտ է աշխատել այդ երկրի հետ»,- ըսած է ան, աւելցնելով, որ Իսրայէլին եւս ձեռնտու է, որ ի դէմս Հայաստանի ունենայ դաշնակից պետութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment