Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ելք» Համաձայն չէ «Զիպիլիքս»ի Գործը Կարճելու ՀՔԾ-ի Որոշման

«Ելք» Համաձայն չէ «Զիպիլիքս»ի Գործը Կարճելու ՀՔԾ-ի Որոշման

by MassisPost

Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը (ՀՔԾ) կարճած է «Զիպիլիքս» անուանումը ստացած նիւթերու առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործը, ինչպէս «Ազատութեան» պարզաբանած են ՀՔԾ-էն՝ յանցակազմի բացակայութեան պատճառով:

Յիշեցնենք, որ «Ելք» դաշինքը Մայիսին «յանցագործութեան մասին» հաղորդում ներկայացուցած էր իրաւապահներուն՝ անոր կցելով աղբամաններէն յայտնաբերուած խնդրայարոյց փաստաթուղթեր, որոնք, ընդդիմադիր դաշինքին պնդմամբ, կը վկայեն, որ Երեւանի աւագանիի 14 Մայիսի ընտրութիւններուն իշխող Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ընտրակաշառքի բաժանումը կրած է համակարգուած եւ կեդրոնացած բնոյթ:

Ըստ «Ելք»ի, մօտ 30 էջէ բաղկացած այդ նիւթերը իրենց մօտ յայտնուած են, երբ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի Կոմիտաս 56 հասցէի ընտրական շտաբի աշխատակիցը զանոնք նետած է աղբամանը: Ընդ որում, «Ելք»ի պնդմամբ, ընտրակաշառքը բաժնելու գործընթացին մէջ ներգրաւուած եղած են նաեւ իրաւապահները, մասնաւորապէս՝ թուղթերէն մէկը Հանրապետականի շտաբ ուղարկուած է ոստիկանութեան ֆաքսէն, ուր նշուած եղած են ոստիկաններու անուն-մականունները, կոչումը, պաշտօնը, եւ թէ ով քանի ձայն պիտի բերէ: Արդեօք այդ ֆաքսին մէջ նշուած ոստիկանները գործի ծիրին մէջ հարցաքննուա՞ծ են, թէ ոչ՝ ՀՔԾ որեւէ մանրամասն տեղեկութիւն չի փոխանցեր, պարզապէս նշած է, թէ քրէական գործի կարճման հիմքերը ուղարկած են դիմող կողմին։

Մինչդեռ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեան «Ազատութեան» փոխանցած է, որ գործը կարճելու հիմքերը տակաւին չեն ստացած, այդուհանդերձ, համաձայն չեն այդ որոշման: Զէյնալեան կը պնդէ, որ այդ նիւթերուն մէջ յանցակազմ կայ, եւ հետեւաբար՝ պիտի վիճարկեն այդ որոշումը:

«Ինչպէս որ նախատեսուած է Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքում, կը դիմենք նախ դատախազին, բնականաբար դատախազը օբիէկտիւ, անկախ, անաչառ որոշում չի կայացնելու, յետոյ՝ դատարան, յետոյ՝ ուր որ պէտք է, որովհետեւ դատարանն էլ նոյն բանը պիտի անի, ուր որ պէտք է՝ կը դիմենք», – նշած է Զէյնալեան։

«Ելք» դաշինքի մէկ այլ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեան իր հերթին նշած է, որ անարդար դատախազներու մասին Սերժ Սարգսեանի ելոյթը նոյն այս որոշման մասին էր։ «Քրէական գործը կարճելն ապօրինի է եւ կոծկում է մի ամբողջ յանցագործութիւնների շղթայ», – ընդգծած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment