Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան՝ «Բան Մըն ալ Չեն Կրնար Ընել»

Սեւան Նշանեան՝ «Բան Մըն ալ Չեն Կրնար Ընել»

by MassisPost

Ծանօթ լեզուաբան եւ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի Ֆոքայի բանտէն փախուստը լայն արձագանգ գտած էր հայկական մամու­լի եւ ըն­կե­րային սան­ձե­րու վրայ։ Իսկ Թուրքիոյ յատ­կա­պէս իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը առ­հա­սարակ ան­տե­սած էր փա­խուստի դէպ­քը։ Այս շա­բաթ յան­կարծա­կի կեր­պով օրա­կար­գի եկաւ Իզ­մի­րի Սել­չուք գա­ւառի Շի­րին­ճէ գիւ­ղի մէջ Սե­ւան Նշա­նեանի պատ­կա­նող շէն­քե­րու փլուզման մա­սին լու­րը։ Նախ­կին յու­նաբնակ այս գիւ­ղը շատ եր­կար տա­րիներ լքուած վի­ճակ ու­նէր եւ հա­զիւ Սե­ւան Նշա­նեանի այդ գիւ­ղին մէջ գնած տու­նե­րը իր նախ­կին տես­քով նո­րոգե­լէ ետք դար­ձաւ զբօ­սաշրջու­թեան կա­րեւոր կեդ­րոն մը։ Այ­սօր Շի­րին­ճէ Եգէակա­նի շրջա­կայ­քին մէջ կա­րեւոր կեդ­րոն մը դար­ձած է, որ ամէն տա­րի կ՚ըն­դունի մեծ թի­ւով զբօ­սաշրջիկ­ներ։

Ոմանք այս վեր­ջին փլուզման լու­րը կը մեկ­նա­բանեն իբ­րեւ պե­տու­թեան վրի­ժառու­թիւնը ձեռ­քէն փա­խած բան­տարկեալին հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ «Հիւրրի­յէթ» թեր­թը այս մա­սին կը հա­ղոր­դէր պնդե­լով թէ պե­տու­թիւնը ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը կու տայ Սե­ւան Նշա­նեանի։ Թեր­թի պնդու­մին հա­մաձայն փլե­լու որո­շում կա­յացած է 129 շի­նու­թիւննե­րու հա­մար, որոնց մէջ է նաեւ Սե­ւան Նշա­նեանի եւ Ալի Նե­սինի հա­մատեղ ջան­քե­րով կա­ռու­ցուած Թուաբա­նու­թեան գիւ­ղը եւ Թուաբա­նու­թեան Ակա­դեմիան։

Թեր­թին այս պնդու­մին դէմ կը պար­զուի թէ միայն երեք կա­լուած­նե­րու հա­մար փլե­լու ազ­դա­րարու­թիւն հա­սած է, որոնց մէջ Նշա­նեանի պատ­կա­նող որե­ւէ շէնք գո­յու­թիւն չու­նի։

Սե­ւան Նշա­նեան Դի­մատետ­րի մի­ջոցաւ բա­ցատ­րութիւններ տուաւ կա­տարուածին մա­սին ու յայտնեց թէ բո­լոր խնդի­րը կը ծա­գի տհաս հա­րեւա­նի մը բո­ղոքէն։ «Իր ան­ճոռնի խրճի­թի փլուզման ար­գելք ըլ­լա­լու հա­մար զիս օրի­նակ բե­րելով ըսած է թէ –իմ տունս կը փլէք, Նշա­նեանի տու­նե­րուն բան մը չէք կրնար ընել-։ Խնդի­րը այսքան պարզ է, հե­տեւաբար չափազանցելու պատճառ չկայ։ Բան մըն ալ չեն կրնար ընել»։

«Ակօս»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment