Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան Յունաստանի մէջ Ժամանակաւոր Կեցութեան Իրաւունք Ստացած է

Սեւան Նշանեան Յունաստանի մէջ Ժամանակաւոր Կեցութեան Իրաւունք Ստացած է

by MassisPost

Թրքական բանտէն փախուստի դիմած հայազգի յայտնի լեզուաբան, հրապարակախօս Սեւան Նշանեան  Յունաստանի մէջ ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրէս» նշելով, որ Յունաստանի ապաստան տրամադրելու գրասենեակը մտաւորականին ժամանակաւոր կեցութեան իրաւունք տուած է վեց ամիս ժամկէտով:

«Յունաստան ի սկզբանէ դիտարկած եմ որպէս իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիք, այս շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ կեանքիս նոր հանգրուանն անցնել այստեղ», – «Արմէնբրէս»ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Նշանեան:

Սեւան Նշանեան, յիշեցնենք, 2014 թուականին 17 տարուայ ազատազրկման դատապարտուած էր՝ Իզմիրի Շիրինճէ գիւղին մէջ գտնուող իր սեփական այգիին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով: Տարիներ շարունակ Նշանեանն ազատ արձակելու կոչեր հնչեցնող մտաւորականները կը պնդեն, որ զինք ազատազրկած են թրքական իշխանութիւններն եւ պաշտօնական պատմագրութիւնը քննադատելու համար: 2008-ին Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ հանած էր Նշանեանի հեղինակած «Սխալ Հանրապետութիւն կամ 51 հարց Քեմալիզմին եւ Աթաթուրքին» գիրքը, ուր ան կ’անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, նշելով, որ ժամանակակից թրքական պետութիւնը հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու հետեւանք է:

Այս տարուայ 14 Յուլիսին թուիթըրեան իր էջին կատարած «Թռչունը թռաւ. տարոսը մնացած ութսուն միլիոնին» գրառմամբ հայազգի յայտնի լեզուաբանը յայտնեց թրքական բանտէն փախչելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment