Թրքական բանտէն խոյս տուած Սեւան Նշանեան պատմած է իր 3.5 տարուան բանտարկութեան մասին:
Birgun պարբերաթերթը կը նշէ, որ Նշանեան շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն աջակցած ու օգնութեան ձեռք մեկնած գաղափարակից ընկերներուն եւ ընտանիքին: Ան բանտարկութեան շրջանին յաճախ բանտէն դուրս գալու հեծանիւային զբօսանքներ կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ծովի ափին «խնճոյք»ներ կազմակերպելու առիթ ունեցած է: Իր բանտարկութեան առաջին 6 ամիսը Նշանեան անցուցած է ամբողջովին մեկուսացած: Աշխատած է թրքերէն լեզուի զարգացման պատմութեան մասին իր հատորին վրայ, մշակած է թրքերէն ու օսմաներէն բազմաթիւ բառեր: Աւելի ուշ նոյն խուցին մէջ բանտարկուած եղած է թուրք դատախազ մը: Նշանեան ստանձնած է բանտի գրադարանի հիմնման գործը եւ զբաղած է բանտի այգիի մշակումով:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն յետոյ Նշանեան բանտին մէջ կը հանդիպի հակապետական դատապարտեալներու:
Ֆոջայի բաց ռեժիմի բանտ տեղափոխուելէն յետոյ Նշանեան որոշ ազատութիւն կը գտնէ, որովհետեւ անվտանգութեան ուժերը կը փորձեն շատ չճնշել, մտածելով, որ իբր մտաւորական մարդ կրնայ փորձանք դառնալ: Ան համոզուած է, որ եթէ չփախչէր, իր դէմ աւելցող դատական հայցերը երբեք պիտի չդադրէին:
Նշանեան լրատուածիջոցներուն պարզած է, որ կրցած է փախչիլ կաշառքի միջոցով՝ օգտուելով պետական համակարգի առկայ թերութիւններէն: