Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանական Զինուժի Կողմէ ՀՀ Խաղաղ Բնակչութեան Նկատմամբ Թիրախաւորուած Գնդակոծութիւնները Կանխարգիլելու Ուղղութեամբ Քայլեր Անհրաժեշտ են»

«Ատրպէյճանական Զինուժի Կողմէ ՀՀ Խաղաղ Բնակչութեան Նկատմամբ Թիրախաւորուած Գնդակոծութիւնները Կանխարգիլելու Ուղղութեամբ Քայլեր Անհրաժեշտ են»

by MassisPost

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ 2017թ. Յուլիսի 20-22-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերը գնդակոծելուն վերաբերեալ, հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի ներկայացուցիչին հետ:

Արման Թաթոյեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը կը թիրախաւորեն յատկապէս քաղաքացիներն ու անոնց գոյքը, կը գնդակոծեն գիւղերու դպրոցները, մանկապարտէզները, բնակելի տուները, յատկապէս՝ օրուայ այն ժամերուն, երբ աւելի մեծ է խաղաղ բնակիչներու կեանքին եւ առողջութեան վնաս պատճառելու հաւանականութիւնը:

Պաշտպանը նշած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է հրապարակայնօրէն դատապարտէ քաղաքացիական բնակչութեան թիրախային գնդակոծութիւնները:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ ԵԽ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գրասենեակի պայմանաւորուածութեան համաձայն, վերջին օրերուն Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի, Բարեկամաւան գիւղերու գնդակոծութիւններու եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ տուեալները յատուկ սկզբունքով պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին յանձնակատարին:

Յուլիսի 20-ին՝ երեկոյեան, ադրբեջանական մարտական յենակէտերէն կրակոցներ  արձակուած են Տավուշի մարզի Չինարի գիւղի ուղղութեամբ՝ թիրախավորելով  խաղաղ բնակիչները։

Մասնաւորապէս՝ կրակոցներ  արձակուած են Չինարի գյուղի գերեզմանատան մէջ գտնուող անչափահաս՝ 2000թ. ծնած  բնակչի ուղղութեամբ, ով հակառակորդի գնդակներէն պաշտպանուելու համար  թաքնուած է քարի ետեւը եւ  շուրջ 2 ժամ մնացած է այնտեղ:

Տեւական ժամանակ գնդակոծութեան  ենթարկուած է գիւղը, որու հետևանքով  ոչնչացուած եւ վնասուած են գիւղի մանկապարտէզը, գիւղացիներու տուները, գոյքը, խոտի հակերը։ Նախնական տուեալներով՝  պատճառած վնասը կը կազմէ է աւելի քան 12 մլն դրամ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment