ԶԼՄ-ներու ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչ Հարլեմ Տեզիր կոչ կ’ուղղէ Թուրքիոյ` ազատ արձակելու ձերբակալուած լրագրողները։
«Ճումհուրիէթ» օրաթերթի լրագրողներուն եւ խորհուրդի անդամներուն դէմ այսօր մեկնարկած դատավարութիւնը ցոյց կու տայ, որ Թուրքիոյ մէջ լրագրութիւնը պաշտպանելու եւ ԶԼՄ-ներու ազատութիւնը բարելաւելու անհրաժեշտութիւն կայ. ըսած է ԶԼՄ-ներու ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչ Հարլեմ Տեզիր:
«Ես ուշադիր պիտի հետեւիմ դատավարութեան, որ պիտի մեկնարկէ այս առաւօտ Սթանպուլի մէջ «Ճումհուրիէթ» օրաթերթի 17 յայտնի լրագրողներու, խմբագիրներու եւ խորհուրդի անդամներու դէմ, որոնց թուին են Ճան Տունտար, Քատրի Կուրսէլ, Մուրատ Սապանճու եւ Ահմէտ Շըքի,- ըսած է Տեզիր:- Լրագրութիւնը մեծ դեր կը խաղայ ժողովրդավարութեան յառաջխաղացման գործին մէջ: Հետեւաբար ես կոչ կ’ուղղեմ Թուրքիոյ հանել մեղադրանքները, ազատ արձակել իրենց աշխատանքը կատարելու համար ձերբակալուած բոլոր լրագրողները եւ ձեռնարկել անհրաժեշտ բարեփոխումներ՝ երկրին մէջ ԶԼՄ-ներու ազատութիւնը պաշտպանելու համար»:
Մեղադրեալներուն, որոնց մեծ մասը կը գտնուի կալանքի տակ 2016 թուականի Հոկտեմբեր եւ Դեկտեմբեր ամիսներէն, կը սպառնայ 7,5-43 տարուայ ազատազրկում: Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է կալանաւորումէն աւելի քան 5 ամիս ետք՝ «անօրինական կազմակերպութեան անդամակցելու», «չհանդիսանալով անօրինական կազմակերպութեան անդամ, այդ կազմակերպութեան օժանդակելու» եւ «աշխատանքային գործունէութեան հետ կապուած վստահութեան չարաշահման» մեղադրանքներով:
ԵԱՀԿ ներկայացուցիչը յիշել տուած է, որ ԵԱՀԿ խստօրէն դատապարտած է անցեալ տարուայ յեղաշրջման փորձը Թուրքիոյ մէջ եւ շեշտած է ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւնները պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
«Ես լիովին կը հասկնամ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ազգային անվտանգութեան պահպանութեան մարտահրաւէրը, բայց այն պէտք է իրականացուի յարգելով բոլոր հիմնարար ազատութիւնները, ներառեալ խօսքի ազատութիւնը,- ըսած է Տեզիր։- Խօսքի ազատութիւնը եւ անվտանգութիւնը պէտք է ըլլան ձեռք ձեռքի՝ որպէս ուժեղ ու ժողովրդավարական հասարակութիւն կերտելու եւ պահպանելու միակ արդիւնաւէտ միջոցները: Ազատ եւ հասանելի ԶԼՄ-ները նոյնպէս կ’ապահովեն դժուար հարցերու շուրջ բանավէճեր՝ գտնելու խաղաղ լուծումներ»:
Տեզիր յաւելեալ մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան իրադրութեան առումով, որ կը տարածուի ոչ միայն լրագրողներուն վրայ, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք կ’օգտուին խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքէն՝ արտայայտելով քննադատական եւ այլախոհ տեսակէտներ, որոնց թուին հասարակական ցանցերու օգտատէրեր, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ մտաւորականներ: «Ներկայիս արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն մէջ ձեռք առնուող միջոցները կը յանգեցնեն անտեղի եւ անհամաչափ ճնշումներու՝ երկրին մէջ խօսքի ազատութեան եւ ԶԼՄ-ներու ազատութեան վրայ,- նշած է Տեզիր:-Ես կոչ կ’ուղղեմ իշխանութիւններուն ձեռնարկել մանրակրկիտ քաղաքականութիւն եւ իրաւական բարեփոխումներ՝ խօսքի ազատութիւնը եւ ԶԼՄ-ներու ազատութիւնը պաշտպանելու նպատակով: ԵԱՀԿ պատրաստ է օգնել Թուրքիոյ այս շատ կարեւոր գործընթացն իրականացնելու համար»: