Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Մէջ Նոր Հիսթերիա . ՀՀ Քաղաքացիի Որդին Ռուսիոյ Մօտ ԱՄՆ–ի դեսպանի

Ատրպէյճանի Մէջ Նոր Հիսթերիա . ՀՀ Քաղաքացիի Որդին Ռուսիոյ Մօտ ԱՄՆ–ի դեսպանի

by MassisPost

«Փաստ» թերթը կը գրէ որ, Սպիտակ Տունը Ճոն Հանթսման կրտսերի թեկնածութիւնն առաջադրած է Ռուսիոյ մօտ ԱՄՆ–ի դեսպանի պաշտօնին համար: Հանթսմանի առաջադրումը հիսթերիայի ալիք  բարձրացուցած է Պաքուի մէջ: Խնդիրն այն է, որ անոր հօր՝ Ճոն Հանթսման աւագին ժամանակին շնորհուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն՝ 1988 թ. աւերիչ երկրաշարժէն ետք մեր երկրին ցուցաբերած մեծ աջակցութեան համար: Երկրաշարժէն ետք Հանթսման աւագը խորհրդային իշխանութիւններուն նիւթական օգնութիւն առաջարկած էր, իսկ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք արդէն անկախ Հայաստանին միջոցներ տրամադրած էր՝ Գիւմրին ու Սպիտակը վերականգնելու համար:

Ան բազմիցս գտնուած է Հայաստան (Ատրպէյճանի մէջ հաշուած են՝ աւելի քան 40 անգամ): Հայաստանի մէջ բարեգործական գործունէութիւն իրականացնելուն համար անոր շնորհուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն, նաեւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան:

Նշենք, որ 80–ամեայ Հանսթման աւագ իր 1.1 միլիառ տոլար կարողութեամբ ներառուած է «Forbes»ի աշխարհի մեծահարուստներու ցուցակին մէջ: Եութա նահանգին մէջ մորմոններու եկեղեցիի հիմնադիրներու ուղիղ շառաւիղն է: 1982 թ. հիմնած է «Huntsman Chemical» ընկերութիւնը, որ կը ներառէ աւելի քան 34 քիմիական ընկերութիւն:

Ու ահա Պաքուի մէջ խիստ մտահոգ են, որ ՀՀ քաղաքացիի որդին պիտի դառնայ է Ռուսիոյ մօտ ԱՄՆ–ի դեսպանը: «Զարմանալի վիճակ ստեղծուած է՝ Մոսկուայի մէջ հայկական լոպպիին համար յայտնուած է հզօրագոյն դաշնակից՝ ի դէմս Միացեալ Նահանգներու դեսպանին»,– կը գրէ ատրպէյճանական մամուլը:

Իսկ վերջին շրջանին Ռուսիոյ մէջ հայկական լոպպին դարձած է Ատրպէյճանի գիշերային մղձաւանջը: Աջ ու ձախ յօդուածներ ու վերլուծականներ կը տպագրուին այն մասին, թէ ինչպէս ռուսահայութիւնը քար կը նետէ ռուս–ատրպէյճանական պոսթանն ու կը խաթարէ անոնց ռազմավարական գործընկերութիւնը:

Ուշագրաւ փաստ մը եւս: Ատրպէյճանական մամուլին մէջ ներկայացուած է, թէ իբրեւ Ճոն Հանթսման կրտսերը եղած է ՀՀ–ի մօտ ԱՄՆ–ի նախկին դեսպանը: Սակայն նման բան չկայ: Ան դեսպան եղած է Սինկափուրի եւ Չինաստանի մօտ, բայց ոչ Հայաստանի: Եւ այս կեղծ լուրը շրջանառութեան մէջ դնելով, իրենց զարմանքն ու մտահոգութիւնը կը յայտնեն մէկ այլ հանգամանքի առթիւ եւս:

«Զարմանալի աւանդոյթ մը կայ, որուն համաձայն Երեւանի մէջ այլ երկիրներու դեսպաններն այլ պաշտօնի անցնելէ ետք ալ ոչ միայն կը պահպանեն ջերմ զգացումները Հայաստանի նկատմամբ, այլեւ ամէն կերպով կը փորձեն պաշտպանել անոր շահերը: Այդպէս եղած է ՀՀ–ի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Կիւնիի (2002–2006 թթ.) պարագային, որ նոյնիսկ գիրք գրած է՝ «Հայաստան. ժողովուրդի մը ոգին» եւ անցեալ տարի կայացած շնորհահանդէսի ժամանակ վիրաւորած Ատրպէյճանը:

ՀՀ–ի մօտ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էւանս նոյնպէս պաշտօնէն հեռանալէ ետք արդէն յայտարարած է, որ ԼՂՀ պէտք է վերադառնայ բանակցային սեղանի շուրջ, բան մը, որ Հայաստանին մեծ ուրախութիւն պատճառած է: Իսկ ՀՀ–ի մօտ ԱՄՆ մէկ այլ նախկին դեսպան Ճոն Հանթսման կրտսերն ընդհանրապէս ՀՀ քաղաքացիի զաւակ է»,– չարակամութեամբ գրած է մամուլը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment