Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրուած է Երկու Թեկնածու

ԼՂ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրուած է Երկու Թեկնածու

by MassisPost

Այսօր երեկոյեան ժամը 18.00-ին լրացաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի թեկնածուներու առաջադրման վերջնաժամկէտը։ Մինչեւ երէկ գործող նախագահ Բակօ Սահակեան այս պաշտօնի միակ թեկնածուն էր, սակայն այսօր առաջադրուելու որոշում կայացուցած նաեւ ԼՂ խորհրդարանի մեծութեամբ չորրորդ ուժի՝ «Շարժում 88» խմբակցութեան ղեկավար Էդուարդ Աղաբեկեան։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նախագահի ընդդիմադիր թեկնածուն յայտնած է, որ գործող նախագահի գործունէութենէն դժգոհ են, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնք լուծման կարիք ունին։

Աղաբեկեան առաջնային կը համարէ արտաքին քաղաքականութիւնը, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու կողմ դարձնելը։ Տնտեսական խնդիրներէ կը խօսի, ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնը կը կարեւորէ։

«Էն, որ խնդիրներ ենք ունեցել․․․ դեռեւս հինգ տարի առաջ ասել ենք՝ չի՛ կարելի այսպէս: Արդիւնքն էլ եղել է Ապրիլը: Ոչ միայն Ստեփանակերտի, այլ նաեւ Երեւանի գործողութիւնների՝ գործունէութեան կամ անգործունէութեան», – նշեց նախագահի թեկնածու Աղաբեկեան։

Էդուարդ Աղաբեկեան Ստեփանակերտի նախկին քաղաքապետն է։ 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ ղեկավարած է ընդդիմադիր թեկնածու Վիտալի Բալասանեանի նախընտրական շտաբը։ Վերջինս նախորդ տարուայ Նոյեմբերին ստանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։

Այս տարի 20 Փետրուարին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի արդիւնքով ԼՂ-ի մէջ հաստատուեցաւ կառավարման լիարժէք նախագահական համակարգ:

Նոր Սահմանադրութեամբ, յառաջիկայ երեք տարիներուն՝ մինչեւ 2020 թուական, Ղարաբաղ պիտի կառավարուի անցումային փուլի ռեժիմով: Այդ փուլին պիտի պաշտօնավարէ խորհրդարանի կողմէ ընտրուած նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment