Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիա Հայաստանի Հետ Սահմանին Եւս Պատ Պիտի Կառուցէ

Թուրքիա Հայաստանի Հետ Սահմանին Եւս Պատ Պիտի Կառուցէ

by MassisPost

Թրքական իշխանութիւնները Սուրիոյ հետ սահմանին անվտանգութեան պատ կառուցելէն ետք,  նոյն ծրագիրը կ՛իրականացնեն նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմանին վրայ: Այդ մասին կը հաղորդէ թրքական «ANFNews» լրատուական գործակալութիւնը:

Հայ-թրքական եւ թուրք-իրանեան սահմանին Թուրքիա կը նախատեսէ կառուցուելիք պատի հետ միասին ներդնել նաեւ «ամբողջական սահմանային անվտանգութեան համակարգ», որ շուրջօրեայ վերահսկողութիւն սահմանէ նշեալ սահմաններուն վրայ:

Ըստ աղբիւրին՝ երկրի սահմանները կը պարսպապատուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 2017-ի Յունուարին Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ յայտնի դարձաւ, որ  Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ հայ-թրքական սահմանը պիտի պարսպապատուի Արտահան, Կարս եւ Իգդիր քաղաքներու կողմէն։

Ատկէ որոշ ժամանակ անց ալ Եւրոմիութեան (ԵՄ) եւ Թուրքիոյ համաֆինանսաւորմամբ ականազերծման աշխատանքներ սկսան Թուրքիոյ այն տարածքներուն մէջ, որոնք սահմանակից են Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Իրանին:

Ատոր վերաբերեալ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) Սթամպուլի պատգամաւոր Մահմութ Թանալ հարցում ուղղած էր Պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի: Վերջինս  հաստատած էր, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Իրանի  հետ սահմանին  անվտանգութեան պատ կառուցելու:

Անվտանգութեան պատի կառուցման  մասին որոշ տեղեկութիւններ յայտնած էր նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մօտ կանգնած թուրք յայտնի սիւնակագիր Ապտուլքատիր Սելվին: Վերջինս «Hürriyet»պարբերականի համար գրած յօդուածին մէջ նշած էր.

«PKK-ն թուրք-իրանեան սահմանին ռազմաճամբարներ ունի: Անոնք ներխուժելով Թուրքիա` գործողութիւններ կ՛իրականացնեն, ապա ետ կը վերադառնան: Աղրը նահանգին մէջ ահաբեկիչներուն դէմ մեր կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն ժամանակ անոնք  փախան դէպի այդ ռազմաճամբարները: Ի պատասխան ատոր` Աղրը-Իգդիր սահմանը կը փակենք 70քմ-ոց պատով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment