Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Շառլ Ազնաւուրը Աստղ կը Ստանայ Հոլիվուտի Փառքի Ծառուղիին Վրայ

Շառլ Ազնաւուրը Աստղ կը Ստանայ Հոլիվուտի Փառքի Ծառուղիին Վրայ

by MassisPost

Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Շառլ Ազնաւուր, իտալացի դերասանուհի Ճինա Լոլօպրիճիտան, ամերիկացի դերասաններ Քրիսթեըն Տանսթն ու Ճեֆ Կոլտպլիւմը, բրիտանացիներ Ռիչարտ Պրենսոնն ու Սայմըն Քաուէլը, ռեփըր Սնուփ Տոկը եւ այլք 2018 թուականին աստղ պիտի ստանան Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին վրայ: Յայտնիներու այդ ցուցակը հրապարակած է Հոլիվուտի առեւտրային պալատը:

«Մենք ուշադիր ուսումնասիրած ենք իւրաքանչիւր յաւակնորդի եւ կը կարծենք, որ  յաջողած ենք  ընտրել խումբ մը տաղանդներ, որոնք կը ներգործեն աշխարհի մէջ բազմաթիւ երկրպագուներու ճաշակին վրայ»,-armradio.am-ի փոխանցմամբ` յայտարարած է կոմիտէի նախագահ, բեմադրիչ եւ արտադրող Վին Տի Պոնան: Ան վստահութիւն  յայտնած է , որ աստղեր ստացողները հպարտ պիտի ըլլան ընդմիշտ Հոլիվուտի պատմութեան բաղկացուցիչ մաս դառնալու հնարաւորութեամբ:

Փառքի ծառուղին կը գտնուի Լոս Անճելըսի հիւսիս-արեւելքը: Անոր ստեղծման գաղափարը ծնած է 1953 թուականին, առաջին աստղը կը պատկանի Պրեսթըն Ֆոսթըրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment