Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ներդրումներու Նախարար «Մենաշնորհները Վերացած են Հայաստանի Մէջ»

Ներդրումներու Նախարար «Մենաշնորհները Վերացած են Հայաստանի Մէջ»

by MassisPost

Հայաստանի մէջ մենաշնորհները վերացած են, կառավարութեան երէկուան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը:

Lragir.am-ի հարցին ի պատասխան, թէ «կարո՞ղ ենք ասել, որ երկրում այլեւս մենաշնորհներ չկան», Կարայեանը պատասխանած է. «Եթէ հանենք բնական մենաշնորհները, ապա կարող ենք վստահաբար ասել՝ այո»:

Ան նշած է, որ կառավարութեան կողմէ այս տարուան համար բարձրաձայնուած ներդրումներու 37-40 տոկոսը այսօրուայ դրութեամբ արդէն իրականացած է:

Կարայեանը խուսափած է մեկնաբանել Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի՝ ուժանիւթի ոլորտում 8 միլիառ տոլար ներդրումներու հնարաւորութեան մասին յայտարարութիւնը: Դեսպանը նաեւ ասած էր, որ ազատ մրցակցային պայմաններու ապահովման պարագային, աւելի շատ ներդրումներ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ:

«Այդ պայմանները կան, բայց դա այն գործընթացն է, որ մենք անընդհատ հաւասար մրցակցային պայմաններ ապահովելու համար քայլեր ենք ձեռնարկում»,- պատասխանած է նախարարը:

Կարայեան անդրադարձած է  նաեւ այն քննադատութիւններուն, որ ՀՀ կառավարութիւնը փորձեր չընէր եւրոպական երկիրներէն ներդրումներ ներգրաւելու ուղղութեամբ եւ միայն ԵՏՄ անդամ երկիրներ այցեր կ’ըլլան:

«Ո՞վ է նման բան ասել: Այց չկատարելը դեռ ոչ մի բան չի նշանակում: Բազմաթիւ հանդիպումներ ենք ունեցել, բազմաթիւ գործընկերներ հենց եւրոպական երկրներից այցելել են Հայաստան, մի քանի օր առաջ ֆրանսիացի մեր գործընկերներն էին այստեղ, ներդրումներ կիրականացնեն թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտում, երկուշաբթի օրը կը ժամանեն Դանիայի մեր գործընկերները: Այնպէս որ, այդ լուրերը հիմնաւոր չեն»,- ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի Ներդրողներու ակումբի անդամներու կողմէ իրականացուելիք ներդրումներուն, նախարարը ըսած է, որ անոնց կողմէ ուսումնասիրութիւները արդէն մօտեցած են աւարտին, յառաջիկային անոնք պիտի հրապարակեն, թէ որ ոլորտներուն մէջ ներդրումներ պիտի ընեն: Տարուայ կէսը, նախարարի խօսքով, դեռ առջեւնին է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment