Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Զեկոյցը կը Հակադրուի Սերժ Սարգսեանի Տեսլականին, ՀՀ Բնակչութիւնը կը Նուազի

ՄԱԿ-ի Զեկոյցը կը Հակադրուի Սերժ Սարգսեանի Տեսլականին, ՀՀ Բնակչութիւնը կը Նուազի

by MassisPost

2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի կազմէ մօտ 2 միլիոն 700 հազար մարդ: Այս տուեալը ներկայացուած է 21 Յունիսին ՄԱԿ-ի հրապարակած զեկոյցին մէջ։

18 Մայիսին ԱԺ-ի մէջ ունեցած ծաւալուն ելոյթին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայացուցած տեսլականի համաձայն, 2040-ին Հայաստանի բնակչութիւնը պէտք է կազմէ 4 միլիոն։ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային յարաբերութիւններու բաժինի պատրաստած զեկոյցի համաձայն, Հայաստանի բնակչութիւնը այժմ 2 միլիոն 930 հազար է: Աւելին, ըստ նոյն փաստաթուղթին մէջ եղած կանխատեսման, 2100 թուականին Հայաստանի մէջ պիտի ապրի ընդամէնը 1միլիոն 849 հազար մարդ:

Ըստ ՄԱԿ-ի, պիտի նուազի նաեւ Վրաստանի բնակչութիւնը՝ 3,9 միլիոնէն հասնելով 2,5-ի, նաեւ Ռուսաստանինը՝ 144 միլիոնէն հասնելով 124 միլիոնի: Ատրպէյճանի բնակչութիւնը եւս պիտի կրճատուի՝ 9,8 միլիոնէն նուազելով 9,5 միլիոնի, Իրանի 81,1 միլիոն կազմող բնակչութիւնը նոյն շրջանին պիտի կազմէ 72,4 միլոն: Մինչդեռ՝ Թուրքիոյ բնակչութիւնը պիտի աճի՝ 76,5 միլիոնէն դառնալով 85,7 միլիոն։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment