Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի ՊՆ-ն Յերգած է Ատրպէյճանի Կողմէ «Հայ Ներթափանցող» Գերի Վերցնելու Լուրը

Հայաստանի ՊՆ-ն Յերգած է Ատրպէյճանի Կողմէ «Հայ Ներթափանցող» Գերի Վերցնելու Լուրը

by MassisPost

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներով տարածուած տեսանիւթերուն մէջ «հայ  ներթափանցող» ներկայացուող անձը զինծառայող չէ․ այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:

«Հայկական զինուած ուժերը որեւէ դիւերսիա չի իրականացրել եւ որեւէ դիւերսանտի կորուստ չունի: Իսկ այդ թատրոնը, որն Ատրպէյճանի կողմից ներկայացուեց, առաջին անգամ չէ, որ իրականացւում է»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը տեղեկատուութիւն տարածած էր այն մասին, որ 20 Յունիսին հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին Հայաստանի Զինուած ուժերու  ներթափանցող խումբ  մը փորձած է անցնիլ Ատրպէյճանի ԶՈւ պաշտպանական գիծը, «սակայն ժամանակին ձեռնարկուած միջոցառումներու արդիւնքով հայկական կողմը յետ քաշուած է՝ տալով կորուստներ, եւ հայկական կողմէն կայ գերի»:

Այնուհետեւ  Ատրպէյճանի ՊՆ-ն յօդուած եւ անոր կից տեսանիւթ հրապարակած էր, ուր ներկայացուցած է «20 Յունիսին ձերբակալուած հայ ներթաբանցողին», որ կը ներկայանայ որպէս Զաւէն Յովհաննէսի Կարապետեան (ծնած 1974 թ.):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամուլի քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը, սակայն, Tert.am-ին յայտնած է, որ այդ մէկը ատրպէյճանական հերթական ապատեղեկատուութիւնն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment