Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տնտեսագէտ Վիլէն Խաչատրեան «Պետական Գոյքի Մասնաւորեցումները Տեղի Կ’ունենայ Որպէսզի Նոր Պաշտօնեաները «Գաղութներէն» Բաժին Ունենան»

Տնտեսագէտ Վիլէն Խաչատրեան «Պետական Գոյքի Մասնաւորեցումները Տեղի Կ’ունենայ Որպէսզի Նոր Պաշտօնեաները «Գաղութներէն» Բաժին Ունենան»

by MassisPost

Այժմ Հայաստանի մէջ պետական գոյքի մասնաւորեցում տեղի կ’ունենայ, որպէսզի նոր պաշտօնեաները «գաղութներէն» բաժին ունենան: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է տնտեսագէտ Վիլէն Խաչատրեանը:

Մասնաւորեցման ժամկէտայնութեան սանդղակը՝ վճարումներ ընելու համար` ըստ   պետական  կառոյցներու  գումարներու մեծութեան, կը նախատեսուի մինչեւ 21 տարի: Ըստ տնտեսագէտի՝ պետական հաստատութիւնը ձեռք բերողը նոյնիսկ այդ տարիներու ստացած շահոյթի հաշուին գումարը մարելով կրնայ դառնալ ինչ-որ հիւանդանոցի կամ այլ հաստատութեան տէր: Խաչատրեանի համոզմամբ՝ նման գործելաոճով պետական    կառոյցներու մասնաւորեցումը կը նշանակէ նուիրաբերում կամ պարգեւատրում:

«Ես սա համեմատում եմ նաեւ հետեւեալ երեւոյթի հետ: Երբ 1914 եւ 1941 թթ. Գերմանիան պատերազմի մէջ մտաւ, դա այն պատճառով էր, որ նա գաղութներից բաժին չունէր: Հիմա մեզ մօտ տեղի են ունեցել նոր փոփոխութիւններ՝ կառավարութիւն, Ազգային ժողով եւ այլն: Տեղի է ունենում մասնաւորեցում, որպէսզի նրանք գաղութներից բաժին ունենան: Մարդիկ գուցէ իրենց քայլերի համար ստանում են մէկ հատ պոնուս մասնաւորեցում»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ-ն վերջին արտահերթ նստաշրջանի ժամանակ ընդունած է 2017-2020 թթ-ի մասնաւորեցման ծրագիրը, ըստ որու՝ 47 պետական ընկերութիւններ կը մասնաւորեցուին, որոնցմէ10-ը բուժհաստատութիւններ են:

Վիլէն Խաչատրեանը նշած է, որ օրէնքի մէջ որեւէ տնտեսագիտական լուրջ հիմնաւորում չկայ, ամբողջը ընդհանուր արտայայտութիւններու տեսքով էին:

Ան յայտնած է, որ մասնաւորեցման հիմնախնդիրը՝ որպէս այդպիսին, հայկական իրականութեան մէջ կարելի է դիտարկել 90-ականներէն սկսած  վկայականներու համակարգէն, սակայն նոր մասնաւորեցման ծրագիրին մէջ գրուած է՝ մասնաւորեցումը առանց վկայականներու:

«Իսկ ինչո՞ւ, բաժանէք սերթիֆիքաթներ ամբողջ հանրութեանը, թող մասնակցեն: Բաժնետիրական ընկերութիւնների ձեւաւորման մոտելին ենք մենք գնում եւ ասում ենք, որ համակարգը չի կայանում: Համապատասխանաբար նշէք օպեէքթների քանակութիւնը, դրանց գումարի չափը, բաժանէք սերթիֆիքաթները եւ ստեղծէք այն փլաթֆորմը, որպէսզի բոլորը կարողանան այդ մասնաւորեցման գործընթացին մասնակցել»,- ըսած է Խաչատրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment