Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Քաղաքական Ուժերը Անդրիաս Ղուկասեանի Հարցով կը Դիմեն Միջազգային Կառոյցներուն

Քաղաքական Ուժերը Անդրիաս Ղուկասեանի Հարցով կը Դիմեն Միջազգային Կառոյցներուն

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք քաղաքագէտ եւ քաղաքական գործիչ Անդրիաս Ղուկասեանի դէմ նոր՝  աւելի մտացածին ու շինծու, մեղադրանքներ ներկայացնելու փաստը ոչ այլ ինչ է, քան իշխանութիւններու կողմէ հասարակութեանն ուղղուած պահանջ՝ հնազանդելու եւ Հանրապետական կուսակցութեան յաւերժ իշխելու մտադրութեան հետ համակերպուելու: Այս մասին նշուած է շարք մը քաղաքական ուժերու տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է.
«Այդ նոր ահասարսուռ մեղադրանքները, որոնք կոչուած են ցոյց տալ, թէ ինչ հաշուեյարդար է սպասում բոլոր նրանց, ովքեր, վկայակոչելով միջազգայնօրէն ճանաչուած իրաւական նորմերը, կը փորձեն օգտուել խաղաղ անհնազանդութեան իրաւունքից:

Հաշուի առնելով այն, որ Անդրիաս Ղուկասեանը քաղաքագիտական հանրութեանը եւ հասարակութեան լայն շրջանակներին յայտնի է իր հետեւողական նուիրուածութեամբ քաղաքական պայքարում խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան մեթոտներին, նրա դէմ առաջ քաշուած մեղադրանքների նպատակադրուածութիւնն ակնյայտ  է. ի դէմս Անդրիաս Ղուկասեանի վարկաբեկել Հայաստանում խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժման բոլոր մասնակիցներին, ստիպելով նրանց քաղաքական բիրտ հալածանքի սպառնալիքով հրաժարուել միջազգայնօրէն ամրագրուած մարդու հիմնարար իրաւունքներից:

Մենք դիմում ենք միջազգային կառոյցներին եւ միջազգային հանրութեանը՝ պահանջելով գործնական եւ սպառիչ քայլեր ձեռնարկել՝ Հայաստանում իրականացուող մարդաորսը եւ քաղաքական գործիչների նկատմամբ օր օրի սաստկացող բիրտ հալածանքները սանձելու ուղղութեամբ: Այդպիսի անհրաժեշտ քայլերի շարքում կարեւորում ենք քաղաքագէտ Անդրիաս Ղուկասեանի անյապաղ ազատ արձակման արդար պահանջի բաւարարմանն ուղղուած միջազգային ջանքերը:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են՝
«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոսթանճեան
«Ժողովրդական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ՝ Պետրոս Մակէեան
«Հայաստանի քաղաքագէտների միութեան» նախագահ՝ Հմայեակ Յովհաննիսեան
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ՝ Ռաֆֆի Կ. Յովհաննիսեան
«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ՝ Արմէն Մարտիրոսեան
«Նժդէհեան ցեղակրօն» կուսակցութեան նախագահ՝ Գ. Յովսէփեան
«Հայք» (Հայկազուններ) կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ՝ Ա. Խաչիկեան
«Քրիստոնե-ժողովրդական վերածնունդ» կուսակցութեան նախագահ՝ Սոս Գիմիշեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment