Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ-ի Պատուիրակութեան Հանդիպումը Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Աունի Հետ

ՍԴՀԿ-ի Պատուիրակութեան Հանդիպումը Լիբանանի Նախագահ Միշէլ Աունի Հետ

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին պետական երեսփոխան Պրն. Սեպուհ Գալփաքեան եւ ՍԴՀԿ-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի ատենապետ Տոքթ. Մարտիկ Ժամկոչեան, Հինգշաբթի Յունիս 1-ին այցելած են Պաապտայի պալատ, ուր տեսակցութիւն ունեցած նախագահ Միշէլ Աունի հետ:

Զրուցակիցները արծարծած են երկրի ընդհանուր կացութիւնը եւ հրատապ թղթածրարները: Անոնք քննարկած են նախագահի պաշտօնավարութեան առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին կատարուած նշանակումները եւ բարեկարգումներու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, որոնք կը միտին վերակազմակերպել պետական հաստատութիւնները եւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել անոնց աշխատանքը:

Քննարկումի գլխաւոր նիւթ եղած է ընտրական նոր օրէնքի թղթածրարը, մանաւանդ վերջին շրջանի լաւատեսութիւնը եւ քաղաքական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին շրջանառուած տարբերակները:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ  Պրն. Սեպուհ Գալփաքեան   կը վարէ ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան  փոխ-ատենապետի պաշտօն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment