Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Աւրորա» Մրցանակը Եւ Ամուլսարի Ոսկիի Հանքը

«Աւրորա» Մրցանակը Եւ Ամուլսարի Ոսկիի Հանքը

by MassisPost

Մայիս 28-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՙԱւրորա՚ մարդասիրական մրցանակի բաշխումը:

Այս մրցանակի հիմնադիրներն ու հովանաւորներն են երկու մեծահարուստ հայեր` Ռուբէն Վարդանեանը եւ Նուպար Աֆէեանը, որոնց անունը կապուած է նաեւ Ջերմուկի շրջանին մէջ գտնուող Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման հետ:

Հայաստանի բնութեան պահպանութեան հարցերով պայքարող կազմակերպութիւնները,  օգտագործելով մրցանակի առիթը, եւ Ամուլսարի հարցը հանրային աւելի լայն ուշադրութեան արժանացնելու նպատակով, այս օրերուն հրապարակեցին յայտարարութիւն մը`  «Աւրորա մարդասիրական մրցանակը եւ անմարդկային Ամուլսարի Ոսկիի Հանքը» խորագրին տակ,  պահանջելով այս երկու բարերարներէն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց ծրագիրները,  ետ կանգնելու ոսկիի հանքի շահագործման նպատակներէն  ու իրենց միջոցները ուղղելու այլ տնտեսական ծրագիրներու, որոնք աւելի մեծ օգուտ կրնան ապահովել Հայաստանին:

Բնապահպանութեան ջատագովներու  եւ հանքի պատճառելիք վնասներով  մտահոգ մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն,  Ամուլսարի սիանիտային ոսկիի շահագործման հետեւանքով  յառաջացող թթուները, ծանր մետաղները եւ վտանգաւոր նիւթերը ունակ են աղտոտելու Արփա, Որոտան եւ Դարբ գետերը, վնաս հասցնելով նաեւ Սպանդարեանի եւ Կեչուտի ջրամբարին, Որոտան-Արփա թունէլին ու Սեւանայ Լիճին` ինչը կրնայ տեւել հարիւրաւոր տարիներ: Այս բոլորի կողքին կրնան թունաւորուիլ նաեւ Ջերմուկի հանքային ջուրերը, որոնք կը նկատուին Հայաստանի  բնական հարստութիւններէն մէկը:

Նոյնիսկ ամենէն զարգացած երկիրներուն մէջ, ուր պետական խիստ միջոցներ ձեռք կ’առնուին, հանքերու շահագործման հետեւանքով բնութեան ու մարդկային առողջութեան հասնելիք հաւանական  վտանգները կանխելու  համար,  արկածներ կը պատահին,  գետերու ջուրերը կը թունաւորուին ու բնակչութեան տեղափոխման կարիք կը յառաջանայ:

Հայաստանի նման երկրի մը մէջ, ուր արտաքին վերահսկողութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի, բացի թուղթի վրայ արձանագրուածներէն, Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործումը  յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Այս մասին մտահոգութիւն յայտնելը,  նաեւ պարտականութիւնն է սփիւռքահայութեան:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment