Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ներդրողը Պէտք է Վստահին կառավարութեան Խոստումներուն. Ֆինանսներու Նախարար

Ներդրողը Պէտք է Վստահին կառավարութեան Խոստումներուն. Ֆինանսներու Նախարար

by MassisPost

Ֆինանսներու նախարար Վարդան Արամեան երէկ «Azatutyun.am»-ի հետ զրոյցի ժամանկ`անդրադառնալով ՀՀ-ի արտաքին պարտքին, ըսած է, որ տնտեսութեան ապագայ զարգացման համար միջոցներ պէտք են, որովհետեւ մասնաւորը երբեք ենթակառուցուածքներու մէջ միջոցներ պիտի չներդնէ, ճանապարհ պիտի չկառուցէ, ջրագիծեր, ոռոգման համակարգեր պիտի չկառուցէ:

«Դա պէտք է անի պետութիւնը, իսկ պետութիւնը, քանի որ չունի խնայողութիւններ, պէտք է պարտք վերցնի: Այստեղ վտանգաւորը պարտք վերցնելը չէ, այլ վտանգաւոր է, երբ դու պարտք ես վերցնում եւ ընթացիկ ծախսեր ես անում, իսկ երբ քափիթալ ծախսեր ես անում, դա թերեւս ոսկէ կանոնի մէջ է»,- ըսած է ան եւ նշած, որ մէկ ամիսէն միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը պիտի ներկայացնեն:

Ինչ կը վերաբերի ներդրումներուն, ապա Վարդան Արամեանը ըսած է, որ չեն կրնար մտածել, թէ ներդրումները մէկ անգամէն պիտի քառապատկուին կամ հնգապատկուին, քանի որ այն մանկամտութիւն կ’ըլլայ: Ան ներդրումներու համար կարեւորած է արդար մրցակցութիւնը, ինչի ուղղութեամբ կ’աշխատին եւ կարծես նախանշանները կան:

«Առաջին եռամսեակում օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներն աճել են նախորդ տարուայ առաջին եռամսեակի համեմատ 30 տոկոսով: Իհարկէ, մենք կարող ենք ասել, որ 30 տոկոսը քիչ է. իհարկէ, քիչ է, պէտք է յաւակնենք աւելի մեծ ցուցանիշների, բայց առկայ միտումները մեզ թոյլ են տալիս ասել, որ ճիշդ ուղղութեամբ ենք գնում»,-ըսած է ան:

Նախարարը նշած է, որ ներդրումները պէտք է գործողութիւններու արդիւնքով գան եւ ներդրողը պէտք է վստահ ըլլայ, որ  տնտեսական կայունութիւն կայ ու կառավարութիւնը հետամուտ է  իր ամէն յայտարարածներու կատարման:

«Մենք հենց այդ ուղղութեամբ էլ գնում ենք, եւ դա ազդակ է տալիս ներդրողին, որ այն, ինչ կառավարութիւնը խոստանում է, դրա հետեւից գալիս են փաստերը»,- աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment