Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփի Վարչակազմը 67 Տոկոսով Կրճատած Է Հայաստանի Օժանդակութիւնը

Թրամփի Վարչակազմը 67 Տոկոսով Կրճատած Է Հայաստանի Օժանդակութիւնը

by MassisPost

Մայիս 23-ին, Սպիտակ Տունը հրապարակեց Տոնալտ Թրամփի վարչակազմի 2018-ի տարեկան պիւտճէի նախագիծը, ուր արձանագրուած են մեծ կրճատումներ գրեթէ բոլոր բնագաւառներու մէջ, ներառեալ ընկերային նպաստներու եւ արտաքին օժանդակութիւններու գծով:

Առաջարկուող նախագիծով կրճատումի ենթարկուած է նաեւ Հայաստանին յատկացուող արտաքին օժանդակութիւնը:

Նախորդ տարուայ 20.4-ի փոխարէն, գալիք տարուայ պիւտճէով Հայաստանի պիտի տրամադրուի 6.8 միլիոն, ինչ որ կը նշանակէ 67 տոկոսի կրճատում:

Ատրպէյճանին տրամադրուող օժանդակութիւնը պակսած է 90 տոկոսովª եւ նախատեսուած գումարը միայն մէկ միլիոն տոլար է: Նոյնպէս, 58 տոկոսով  կրճատուած է Վրաստանին յատկացուող օգնութիւնը:

Պիւտճէի այս նախագիծը, հրապարակումէն անմիջապէս ետք, արժանացաւ քննադատութեան, ե°ւ Հանրապետական ե°ւ Դեմոկրատ գոնկրէսականներու կողմէ, որոնք կրնար փոփոխութիւններու ենթարկելէ    եւ վերջնական տեսքի բերելէ ետք վաւերացնել զայն: Այս ընթացքին, հայամէտ գոնկրէսականները առիթ պիտի ունենան Հայաստանին տրամադրուելիք նպաստները եւս որոշ չափով վերատեսութեան ենթարկելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment