Ռուսաստանը կը ծրագրէ նոր սպառազինութիւն մատակարարել ՀԱՊԿ իր գործընկերներուն, այդ շարքին Հայաստանին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Ռազմաթեխնիքական համագործակցութեան հարցերով դաշնային ծառայութեան ղեկավար Տմիթրի Շուկաեւը:
Անոր խօսքով՝ 2017թ. Ռուսաստանը պիտի շարունակէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրանք մատակարարել Հայաստանին, Պելառուսին եւ Ղազախստանին: Խօսքը առաջին հերթին օդային սարքերու, մասնաւորապէս ուղղաթիռներու, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանական համակարգերու եւ զրահաթանկային սարքերու մասին է:
Իր հերթին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիկովը յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը յառաջիկայ տարիներուն կրնայ իրականացնել արագ արձագանգման ուժերուն անվճար սպառազինութիւն մատակարարելու ծրագիրը: Կը նախատեսուէր, որ այդ ծրագիրը պէտք է իրականացուի 2015-2016թթ., սակայն Ռուսաստանի նկատմամբ պատժամիջոցներու եւ ճգնաժամի պատճառով այն կը ձգձգուէր:
Ծրագրի իրականացումը կրնայ վերականգնուիլ 2018-2019թթ.: