Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպած է ԱՄՆ–ի Դեսպանին Հետ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպած է ԱՄՆ–ի Դեսպանին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ օր ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչարտ Միլսին:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումները, որոնք լաւ հնարաւորութիւն են հայ-ամերիկեան համագործակցութեան ընթացքի եւ զարգացման հեռանկարներու շուրջ միտքեր փոխանակելու համար:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են, մասնաւորապէս, հայ-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան օրակարգի եւ համատեղ ծրագիրներու շուրջ: Քննարկուած են ներդրումներու ներգրաւմանը, պիզնէս միջավայրի բարելաւման, հարկային եւ մաքսային, դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներուն, կաշառակերութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ փոխգործակցութեան վերաբերող  շարք մը հարցեր:

Կարէն Կարապետեանն ու Ռիչարտ Միլսը անդրադարձած են նաեւ ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու, հանքարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներու մէջ երկկողմ գործակցութեան խորացման հեռանկարներուն: Այս մասին տեղեկացուցած են կառավարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment