Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Իշխանութիւններուն Յանձնարարած է Պատշաճ Բուժօգնութիւն Ապահովել «Սասնայ ծռեր»ու Անդամին

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Իշխանութիւններուն Յանձնարարած է Պատշաճ Բուժօգնութիւն Ապահովել «Սասնայ ծռեր»ու Անդամին

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) բաւարարած է անցած Յուլիսին ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածքը գրաւած «Սասնայ ծռեր»ու անդամ Արամ Յակոբեանի փաստաբաններու դիմումն ու շարք մը յանձնարարութիւններ ուղարկած Հայաստանի կառավարութեան։

Ըստ այդմ, կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ 59-ամեայ կալանաւորի պատշաճ բուժօգնութիւնը եւ առանց ընդհատումներու անոր դեղորայք յատկացնէ ամբողջ կալանքի ընթացքին։

Փաստաբանները Եւրոպական դատարան  դիմած էին՝ ահազանգելով, որ անոր նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունք դրսեւորուած է՝ հիւանդ կալանաւորին շարունակած են առանց բուժման պահել ճաղերու ետին։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին փաստաբան Տիգրան Եկորեան ըսած է՝ այլ ճանապարհ, քան Եւրոպական դատարանն է, չունէին, քանի որ ամիսներ շարունակ իրենց ահազանգերը կ’անտեսուէին։

Փաստաբանը յիշեցուց, որ անցած Փետրուարին «Սասնայ ծռեր»ու անդամը ուղեղի կաթուածի ախտանշաններով հիւանդանոց տեղափոխուած էր, եւ այժմ ալ անոր գլխուղեղը լաւ չի սնուցուիր․ – «Այդ պարտաւորութիւնների ձախողման արդիւնքում շատ աւելի մեծ, անդառնալի եւ կործանարար հետեւանքներ կարող են տեղի ունենալ Արամ Յակոբեանի համար»:

Եւրոպական դատարանը նաեւ նշած է, որ եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը չկատարէ իր յանձնարարութիւնները, ապա այդ մէկը կը յանգեցնէ կառավարութեան կողմէ Եւրոպական կոնվենցիայի խախտման։

Եկորեան ահազանգած է, որ Հինգշաբթի այցելած է բանտի մէջ պահուող զինուած խումբի անդամին, եւ տեղեկացած, որ բժիշկներու նշանակած դեղորայքը կրկին անոր հարազատները ուղարկած են։ Մինչդեռ այդ մէկը պարտաւոր է քրէակատարողական վարչութիւնը ընել։

Եկորեանի խօսքով, ոչ միայն չեն ապահոված հիւանդ կալանաւորի բուժումը, այլեւ կառավարութեան ներկայացուցիչը Եւրոպական դատարան ուղարկած դիրքորոշման մէջ կրկին պնդած է, որ Արամ Յակոբեանը պատշաճ բուժօգնութիւն ստացած է․ – «Կառավարութեան ներկայացուցիչը մեր կողմից ներկայացուած որեւէ փաստ չի ընդունել ու հաւաստիացրել է դատարանին, որ Արամ Յակոբեանը ստանում է պատշաճ բուժում եւ ստանում է անհրաժեշտ դեղորայքը։ Դատարանը հիմք չի ընդունել այդ հաւաստիացումները»:

Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Լուսինէ Մարտիրոսեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Եւրոպական դատարանի որոշումը ուղարկած են քրէակատարողական վարչութիւն․ – «Այդ նոյն օրը որոշումն ուղարկուեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեանը՝ այն ապահովելու համար: Արդարադատութեան նախարարութիւնն այդ որոշման հիման վրայ գրութիւն է ուղարկել Քրէակատարողական վարչութիւն՝ Յակոբեանի համար պատշաճ բուժօգնութիւն եւ առանց ընդհատումների անհրաժեշտ դեղորայք ապահովելու համար»:

Անցած ամրան զինուած ապստամբութեան փորձ կատարած խումբի անդամ, ընդդիմադիր Հիմնադիր խորհրդարանի Շիրակի կառոյցի ղեկավար Արամ Յակոբեանը նախապէս երկու վիրահատութիւն տարած է, որմէ մէկը գլխուղեղի մէջ ուռուցքի հեռացումն է՝ եղած է 2014-ին։

Քրէակատարողական վարչութենէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ Յակոբեանի վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Եւրոպական դատարանի որոշումէն յետոյ Յակոբեան ենթարկուած է անվճար համալիր հետազօտութեան, ան 12 ապրիլէն կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Արամ Յակոբեանը կը մեղադրուի Ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի գրաւման գործով կազմակերպուած խումբի կողմէ ապօրինի զէնք, զինամթերք կրելու, պահելու եւ փոխադրելու եւ շէնք, շինութիւններ զաւթելու մէջ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment