Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրէական Կապերու Մէջ Կասկածուող Հայ Գործարարին Դիւանագիտական Անձնագիր Տրուած է

Քրէական Կապերու Մէջ Կասկածուող Հայ Գործարարին Դիւանագիտական Անձնագիր Տրուած է

by MassisPost

Սոչիաբնակ հայ գործարար Ռուբէն Թաթուլեանին, որու անունը լրատուամիջոցները կը կապեն քրէական աշխարհի հետ, Հայաստանի դիւանագիտական անձնագիր տրամադրուած է օրէնքով սահմանուած կարգով՝ «Ազատութեան» հետ զրոյցին հաստատած է ԱԳՆ մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը։

Բալայեանը, սակայն, չէ յստակեցուցած թէ որ գործառոյթի համար եւ ինչ նպատակով Թաթուլեանը ստացած է անձնագիրը։ Արտաքին գերատեսչութեան մամուլի պատասխանատուն միայն յղում ըրած է օրէնքին։

Նշենք, որ «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» ՀՀ օրէնքի 49-րդ յօդուածին մէջ կ’ըսուի, որ առանձին դէպքերու պարագային դիւանագիտական անձնագիր կրելու իրաւունք ունին «այլ անձինք»՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թոյլտուութեամբ:

«Ազատութիւն»ը այս մասին գրաւոր հարցում ուղարկած է նաեւ ՀՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեանին՝ ճշտելու համար, թէ երբ եւ ինչ նպատակով Թաթուլեանին յատկացուած է դիւանագիտական անձնագիրը:

Յիշեցնենք՝ երէկ ռուսաստանեան լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Չեխիայի մէջ ձերբակալուած Թաթուլեանի մօտ յայտնաբերուած է ՀՀ դիւանագիտական անձնագիր: Ռուսական լրատուամիջոցները նաեւ կը յայտնեն, որ Չեխիայի մէջ պէտք է կայանար «գողական սխոդկա» եւ օրէնքով գողերու թագադրութիւն, որ ՉՀ ՆԳՆ Կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ հակագործողութիւններու վարչութեան աշխատակիցները խափանած են:

Ռուբէն Թաթուլեանը նաեւ «Հայաստանի ներդրողներու ակումբի» անդամ է եւ մէկն է այն 30 գործարարներէն, որոնք 25 յունուարին աջակցութիւն յայտնած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին՝ Հայաստանի մէջ խոր բարեփոխումներ իրականացնելու գործին համար: «Ազատութիւն»ը Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու փոխնախարար Յովհաննէս Ազիզեանէն հետաքրքրուած է՝ արդեօք մտահոգութիւն չկայ, որ այս լուրը կրնայ ազդել Հայաստանի վարկանիշին վրայ։

«Ինձ չի թուում, որ դրանք կապուած բաներ են։ Նա ներդրողների ակումբի 30 անդամներից մէկն է եւ ծրագրերը, իմ կարծիքով, նորմալ շարունակուելու են», – նշած է Ազիզեանը:

«Ազատութիւնը» հետաքրքրուած է արդեօք Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու պատրաստակամութիւն յայտնած միւս 29 գործարարներու կենսագրութիւնը ուսումնասիրած են, անոնք ալ կապեր ունի՞ն քրէական աշխարհի հետ, Ազիզեանը պատասխանած է, որ չեն ուսումնասիրած, սակայն ան վստահեցուցած է, որ համապատասխան մեխանիզմներով կը ստուգուին այն աղբիւրները, որոնցմէ ստացուած են գումարները եւ որ Հայաստան մուտք կը գործեն միայն մաքուր գումարներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment