Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անհնար է, որ Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած Ռուսական Ուղղաթիռները Թուրքիոյ Վրայով Հարուած Հասցնեն «Իսլամական Պետութեան» դէմ

Անհնար է, որ Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած Ռուսական Ուղղաթիռները Թուրքիոյ Վրայով Հարուած Հասցնեն «Իսլամական Պետութեան» դէմ

by MassisPost

Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմապազան «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի համար չի կրնար օգտագործուիլ: Tert.am-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի Կովկասի բաժնի ղեկավար, ռազմական փորձագէտ Վլատիմիր Եւսէեւը՝ անդրադառնալով ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, թէ ՀՀ-ի մէջ ռուսական ռազմակայանը պատրաստ է ԻՊ-ի դէմ պայքարելու:

Վ. Եւսէեւ ըսած է, որ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմապազայի եւ ԻՊ-ի միջեւ  կ’անցնի թրքական սահմանը, որու վրայով օդանաւային թռիչքները անհնար են: Իսկ Լաւրովի յայտարարութիւնը, ըստ փորձագէտի, դիւանագիտական բնոյթի է եւ քիչ հաւանական է, որ իր մէջ պարունակէ նման ծրագիրներ:

«Բացի այդ, Գիւմրիի մէջ տեղակայուած պազան ռազմաօդային չէ, այն ունի ռազմաօդային բաղադրիչ, որ ներկայացուած է հիմնական կործանիչ-կալանիչներով (խօսքը ՄԻԿ-29 ինքնաթիռներու արդիականացուած տեսակի մասին է), որոնք չեն կրնար օգտագործուիլ հարուածներու համար: Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմապազան ունի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան նպատակ, ոչ թէ այլ պետութիւններու ուղղութեամբ ռազմական հարուածներ հասցնելու»,- շեշտած է Վլատիմիր Եւսէեւը:

Ռազմական փորձագէտը նշած է, որ 102-րդ պազան ռազմաօդային չէ, այն ցամաքային զօրք է, որ ունի ռազմաօդային բաղադրիչ, եւ բացի ՄԻԿ-29-էն, կան նաեւ ուղղաթիռներ: Եւսէեւ ըսած է, որ ուղղաթիռները կրնան հարուած հասցնել, բայց անոնք ունին թռիչքի հեռաւորութեան սահմանափակում:

«Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմապազայի ուղղաթիռները հարուած կրնան հասցնել Սուրիոյ կամ Իրաքի ուղղութեամբ: Հասկնալի է, որ Թուրքիոյ տարածքով այդ ուղղաթիռները չեն թռչիր: 102-րդ պազան նպատակ չունի ԻՊ դէմ պայքարելու, անոր նպատակը Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելն է հարեւան Թուրքիայէն»,- ընդգծած է Եւսէեւը:

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգն ալ, ռազմական փորձագէտի խօսքով, նպատակ չունի ու չի կրնար օգտագործուիլ ԻՊ-ի դէմ պայքարին մէջ: Այն եւս, ըստ Եւսէեւի, նպատակ ունի ամրացնել ՀՀ օդային սահմանները եւ պաշտպանել այն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի օդային հնարաւոր հարուածներէն:

Դիտարկման, թէ կարծիքներ կան, որ ԻՊ-ը ոչ թէ Հայաստանին կը սպառնայ, այլ Ռուսաստանին, իսկ ՌԴ-ն օր մը օրանց կրնայ  օգտագործել իր ռազմապազան իր անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար, ապա Վլատիմիր Եւսէեւը պատասխանած է. «Ի՞նչ կը կարծէք՝ Թուրքիան կը յարձակի՞ Ռուսաստանի վրայ: Դժուար թէ: Իսկ ռազմապազան Թուրքիայէն եկող սպառնալիքներէն պաշտպանուելու, զսպելու համար ստեղծուած է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment